Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. կաթողիկոս` իրանեան դեսպանատան պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Չորեքշաբթի, 16 յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին փոխանցել էր Իրանի պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները:

Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք դեսպանին զեկուցումը իր կարգին շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Անհրաժեշտ է կարելի փութով քաղաքական լուծում մը գտնել Սուրիոյ տագնապին` առաջքը առնելու համար մարդկային նոր կորուստներու: 2) Անհրաժեշտ է Սուրիան հեռու պահել արտաքին միջամտութիւններէ եւ նկատի ունենալ միայն ժողովուրդին կամքն ու երկրին գերագոյն շահերը: 3) Որեւէ կարգադրութեան պարագային անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները եւ անոնց յատուկ տեղն ու դերը Սուրիոյ քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ` իբրեւ անանջատելի մասը սուրիական ընկերութեան:

Share this Article
CATEGORIES