Ձիւնը Եկաւ Շատ Առատ, Լիբանանն Առաւ Իրեն Տակ…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Ձմեռ է, անձրեւին ու ձիւնին, հովին ու փոթորիկին գալուստը պարզապէս ակնկալելի է, ձմրան եղանակը սովորաբար ու բնականաբար այլ դրսեւորումներ չ՛ունենար: Սակայն Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար ակնկալութիւնները գործի չեն մղեր, նախազգուշացումները իմաստ չեն ներկայացներ, կանխատեսումները միայն կը յուշեն, որ յառաջիկային մղձաւանջային վիճակ պիտի ստեղծուի:

Այդպէս ալ եղաւ: Լիբանանեան սովորութիւնն ու «մշակոյթ»-ը այս տարի եւս մեծ փոփոխութիւն չեն կրած, փաստօրէն:

Արդէն ձմրան սկիզբէն գետակներու վերածուած մայրուղիները, անձրեւը իբրեւ անկոչ հիւր ընդունած բնակարաններուն ու խանութներուն պատկերները, առատ անձրեւին պատճառով մեծ վնասներու ենթարկուած ցանքերը, ինքնաշարժներու յատուկ ծովու վերածուած փողոցները ոչ մէկ բան յուշեցին պատասխանատուներուն, որոնք նաեւ շօշափելի ոչ մէկ քայլ առին, երբ յայտարարուեցաւ, թէ կը նախատեսուի ժամանումը փոթորիկի մը, որ իրեն  հետ պիտի բերէ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր չտեսնուած առատութեամբ անձրեւներ, ծովու մակերեսէն ոչ շատ բարձր վայրերու վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ ձիւն, ինչպէս նաեւ` լիբանանեան չափանիշներով սաստիկ ցուրտ: Հաւանաբար այս կանխատեսումները մտածել տուին, որ պէտք է պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ, որպէսզի երբ փոթորիկը հասնի եւ իր ընելիքը ընէ, հարցերու լուծման լծուին համապատասխան մարմիններն ու կառոյցները: Միա՛յն այդքան:

Արդարեւ, «Օլկա» փոթորիկին տուած հարուածին դիմանալու անկարող վիճակի մէջ յայտնուեցաւ Լիբանան, որ իր պատասխանատուներուն հետ դրուեցաւ դժուար քննութեան դէմ յանդիման: Քննութիւն մը, որուն արժեւորումը ձիւնով ու ցեխերով կազմուած զերօ մըն էր…

Ողողումներու, ծովերու, գետակներու, ջրվէժներու եւ երկինքէն անմեղօրէն տեղացող, կենսոլորտն ու մարդոց սրտերը մաքրել փորձող առատ անձրեւներուն ակամայ գործած աւերներուն պատկերը եկաւ փաստելու, որ Լիբանան ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է աշխարհին մէջ տեղի ունեցող եղանակային փոփոխութիւններուն հետ հաշտուելու կամ անոնց հետ վարուելու ձեւերուն մասին մտածելու: Անձրեւին յաջորդած բիւրեղ, սպիտակ ու խաղաղութիւն խորհրդանշող ձիւնն ալ անէծքի նման թուեցաւ լիբանանցիներուն, որովհետեւ բացայայտ կերպով երեւան եկաւ այն իրողութիւնը, որ ո՛չ լիբանանցիները գիտեն ինչպէ՛ս վարուիլ, որպէսզի նուազագոյն վնասի ենթարկուին, ո՛չ ալ պետական կառոյցները, քաղաքապետութիւններն ու համապատասխան մարմինները ատակ են շուտով գործի լծուելու եւ գէշ վիճակը չվատթարացած լուծումներ գտնելու, ճամբաները բանալու եւ քաղաքացիներուն օժանդակութեան փութալու:

Հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ. «Ինչո՞ւ այսքան մղձաւանջային վիճակ ստեղծուեցաւ առատ անձրեւներուն պատճառով»: Պատասխանը տուին լիբանանեան կացութիւնը եւ վերջին պարզած պատկերը ուսումնասիրած անձեր, որոնք յայտնեցին, թէ լիբանանեան կոյուղիները այդքան մեծ քանակութեամբ ջուր «կուլ տալու» ատակ չեն, որովհետեւ օրին կառուցուած են առանց կարիքներու իսկական սերտողութեան, կարգ մը մայրուղիներու կոյուղիներու անցքերը կուպրապատումի ընթացքին մնացած են կուպրին տակ, բնակարանները կամ նոյնիսկ տնակները կառուցուած են այնպիսի ձեւով ու վայրերու մէջ (զառիվայրերու վրայ կամ գետերու շատ մօտակայ եզրին), որ ողողումներու ենթակայ պիտի ըլլան ինքնաբերաբար, մանաւանդ որ գետերու գրեթէ չորցած հուները աղբերէն մաքրելու սովորութիւնը չէ տարածուած Լիբանանի մէջ, գետերուն պատնէշները քանդուած ու այդպէս մնացած են, բնակարանները երկրաչափական օրէնքներուն չեն համապատասխաներ, անոնք երբեմն կառուցուած են այնպիսի վայրերու մէջ, ուր նոյնիսկ շատ քիչ քանակութեամբ անձրեւի պարագային գետակներ կը կազմուին: Մասնագէտներ դիտել կու տան, որ Լիբանան կը հանդիսանայ այն երկիրներէն, ուր շինարարական իմաստով ծրագիր ու յատակագիծ գոյութիւն չունի, Պէյրութի եւ անոր շրջակայքին մէջ միայն կան 24 շրջաններ, ուր անկազմակերպ կերպով բնակելի շէնքեր ու տուներ կառուցուած են: Անձրեւը օրհնութիւն է սովորաբար, սակայն այս պարագային անիկա ստեղծեց օգնութեան կարիք ունեցողներու փաղանգ մը. մանաւանդ ժողովրդային խիտ բնակութեամբ յատկանշուող շրջաններուն մէջ տուները ո՛չ միայն ջուրով, այլ նաեւ տիղմով ողողուեցան եւ տակաւին նոր կարելի կ՛ըլլայ տեսնել, թէ ի՛նչ աւերներ գործուած են:

Ձիւնը եւս նուազ «յանցագործ» չէր: Լեռնային շրջաններուն մէջ ճամբաները փակուեցան, բնակիչները ահազանգեցին, որ սնունդի եւ դեղորայքի կարիք ունին, ելեկտրականութիւնը ընդհատուեցաւ, եւ վառելանիւթի սղութեան պատճառով ելեկտրականութեան վստահած գիւղացիները յանձնուեցան իրենց ճակատագիրին: Լիբանանցին եւս իր մեղքի բաժինը ունի. արդարեւ, երբ արդէն ահազանգուեցաւ, որ քանի մը օրուան համար փոթորիկ պիտի ժամանէ շրջան, յատկապէս լեռնային շրջաններու բնակիչները պէտք էր համապատասխան միջոցներուն դիմէին, հաց եւ դեղ ապահովէին, սակայն անտարբերութեան ալիքը լիբանանեան սովորութիւն դարձած է: Տակաւին կայ աւելի՛ն. հակառակ զգուշացումներուն` կարգ մը արկածախնդիրներ իրենց ինքնաշարժներով ձիւնին վրայ խաղեր ընելու ելած էին ու իրենց ինքնաշարժներով ձիւնով ծածկուած, ստիպուած, անոնք օգնութեան կանչերով ներքին ապահովութեան մարմիններուն դիմած էին:

Ջեռուցման խնդիրը եւս մեծ հարց ստեղծեց ու տակաւին հարց է լիբանանցիներուն համար,  վառելանիւթի երեւակայական գիներուն պատճառով ոմանք սկսած են փայտ գործածել` վերադառնալով հին ժամանակներուն: Աշխարհը կը յառաջդիմէ, իսկ Լիբանա՞նը…

Տակաւին կայ աւելին. յստակ չէ, որ ստեղծուած կացութեան ու անոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը որո՞ւ ուսերուն դրուած է. արդարեւ, նախարարութիւններուն միջեւ իրաւասութիւններու եւ պարտականութիւններու հանգոյց մը գոյութիւն ունի. գետերու հուներու պատասխանատուն ջուրի եւ ուժանիւթի նախարարութիւնն է, մինչ անոնց մաքրութեան պատասխանատուն հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնն է, չսերտուած կերպով շինութիւններուն հսկելու պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ներքին գործոց նախարարութեան… Լոկ գետ մը բազմաթիւ պատասխանատուներ ունի, սակայն` ոչ մէկ հոգացող…

Տրամաբանական չէ ըսել, որ ստեղծուած տխուր ու խղճալի պատկերին պատասխանատուն այս կամ այն կողմն է, այժմու կառավարութիւնն է, նախարարութիւններն են: Եթէ հարցերուն աւելի խորքային պիտի մօտենանք, պէտք է ըսենք, որ նման կացութեան մը ստեղծման դրդապատճառները շատ հին են, անոնք կը հասնին մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտ: Արդարեւ, անկէ ետք եւ մինչեւ օրս անկազմակերպ վիճակի մէջ գտնուող լիբանանեան իրականութիւնն է պատճառն ու հետեւանքը. լիբանանցիներն ու անոնց առօրեայ հոգերը, կարիքները, դժուարութիւնները, հարցերը միշտ ալ հեռու եղած են պետական կառոյցներուն ուշադրութենէն, լիբանանցի իշխանաւորները միշտ ալ խրած են քաղաքական վէճերու, պայքարներու, մրցակցութեան մէջ` մոռնալով, որ Լիբանանը ժողովուրդն է, անոր լաւ կեանք ապահովելն է, անոր առօրեան կազմակերպելն ու պատերազմի տարիներուն արդէն ամէնէն յոռի երեւոյթները տեսած լիբանանցիին արժանավայել կեանք ապահովելն է:

Սխալներ գործելու արշաւը սկսած է քաղաքացիական պատերազմին յաջորդող տարիներուն, քիչ քիչ սխալներու ու անտարբերութեան բլուրը բարձրացած ու հասած է լերան մը տարողութեան, իսկ այսօր արդէն ամէն իմաստով Լիբանան անել կացութեան մէջ կը յայտնուի, ամէն անգամ որ դժուարութեան մը կամ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման գտնուի:

«Օլկա»-ն ընդունելու անպատրաստ Լիբանանն ու լիբանանցիները գէթ «Օլկա»-ին հետեւանքները մեղմացնելու իմաստով քայլեր առին. Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդը կը սերտէ հետեւանքներուն ու վնասներուն տարողութիւնը, որպէսզի հատուցում կատարէ: Ծով կորուստներու մէջ, կաթիլ մը հատուցում, հաւանաբար… ան կը փորձէ տուժողները բաժնել խումբերու, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան հատուցում ճշդել. ի՞նչ չափանիշներով շատ տուժող կամ նուազ տուժող պիտի ճշդուի արդեօք… Արդէն իսկ լիբանանցիներուն միջեւ վէճ ծայր առած է. երբ խօսքը հատուցումներու մասին է, բոլորը կ՛ուզեն շատ տուժող ըլլալ…

Արդեօք յանձնարարելի չէ՞, որ ակնկալուող յառաջիկայ փոթորիկին պարագային հետեւանքները սերտող խորհուրդին աշխատանք տալու փոխարէն կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որ փոթորիկը «բաց գիրկով եւ արժանապատիւ կերպով» ընդունելու գծով նախապատրաստական աշխատանքներ տանի, արդէն իսկ յստակ դարձած հարցերուն լուծումներ գտնէ, որպէսզի գէթ իրականութիւն դառնայ այն առածը, որ կ՛ըսէ, թէ ամէն մարդ իր փորձառութենէն կը սորվի: Լիբանան, լիբանանցիք` պատասխանատուներ թէ քաղաքացիներ, փորձառութիւնն ու փորձութիւնը ապրեցան, բայց արդեօք անոնցմէ սորվելու ատա՞կ են: Պատասխանը` յառաջիկայ փոթորիկին: Լաւատե՛ս եղէք:

 

 

 

 

 

 

Փոթորիկին հայհոյող, անձրեւներէն գանգատող, ձիւնին անէծք կարդացող լիբանանցիները արդէն 24 ժամ ետք հաշտութիւն կնքեցին անոնց հետ եւ արդէն իսկ ճամբայ ելան ձիւնին այցելութեան երթալու, անոր գալուստը ողջունելու, անոր գիրկը իյնալու… Քանի մը օր առաջ ձիւնին պատճառով փակուած լեռնային ճամբաները կիրակի օր փակ էին ձիւնին այցելութեան գացող լիբանանցիներուն պատճառով: Լիբանան… հակասութիւններու եւ հետաքրքրական պատկերներու երկիր:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES