Սպիտակ Տունը Քննադատած Է Մուրսիի` Հրեաները Կապիկներու Եւ Խոզերու Յետնորդներ Անուանող Յայտարարութիւնը
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները խիստ քննադատութեան ենթարկած են Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի աղմկայարոյց յայտարարութիւնը, որուն մէջ վերջինս հրեաները կը բնութագրէ իբրեւ «կապիկներու եւ խոզերու յետնորդներ»:
Մուրսին նաեւ եգիպտացիներուն կոչ ուղղած է «իրենց երեխաներն ու թոռները դաստիարակելու հրեաներու նկատմամբ ատելութեան հիման վրայ»: Եգիպտոսի նախագահը նաեւ ըսած է, որ «սիոնականները արնախումներ են, որոնք պաղեստինցիներուն վրայ կը յարձակին»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտարարած է, որ Մուրսիի ըսածները խիստ վիրաւորական են, եւ Միացեալ Նահանգները անոնց բացարձակապէս համակարծիք չեն:
«Ֆորպզ» կը նշէ, որ այդ յայտարարութիւնը կատարուած է 2010-ին, երբ Մուրսի տակաւին Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնը չէր վարեր:
Նշեալ յայտարարութիւնը լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուելէն ետք մեծ աղմուկ բարձրացուցած է:
Մուրսի երէկ յայտարարեց, որ այդ յայտարարութիւնները «անցեալէն մասնատուած են»: