«Աֆղանիստանի Մէջ Լուծումը Կը Պահանջէ, Որ Թալեպանները Անոր Մաս Կազմեն» Կ՛ըսէ Պըն Ժասեմ

Համատ Պըն Ժասեմ Ալ Թանի

Քաթարի վարչապետ Համատ Պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտարարեց, որ Թալեպան շարժումը Քաթարի մէջ գրասենեակ մը պիտի բանայ` նշելով, որ «գրասենեակին բացումը երկու կողմերուն միջեւ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք տեղի կ՛ունենայ»:

Քաթարի վարչապետը նաեւ նշեց, որ «Աֆղանիստանի մէջ լուծումը կը պահանջէ, որ թալեպանները անոր մաս կազմեն, եւ անոնց հետ վարուելակերպը ըլլայ իբրեւ քաղաքական կողմ»:

Շէյխ Համատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը Աֆղանիստանի մէջ քաղաքական լուծումներու կը զօրակցի եւ չ՛ուզեր, որ այդ երկիրը պատերազմներուն վերադառնայ»:

Քաթարի վարչապետը իր երկրին մէջ թալեպաններու կողմէ գրասենեակի մը բացումը նկատեց «քաղաքական կարեւոր քայլ մը, որուն նպատակը իրագործումն է համապարփակ խաղաղութեան մը, որ քաղաքական հոլովոյթի բոլոր կողմերը կ՛ընդգրկէ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )