Էրտողան Կը Յայտարարէ, Որ «Իմրալիի Հոլովոյթէն» Ետք Քայլ Պիտի Չկատարէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՔԱԿ-ի հետ բանակցութիւնները «խաղաղութեան հոլովոյթ» նկատելով խոստացաւ բանակցութիւնները շարունակել հակառակ ընդդիմադիր Ազգային շարժում կուսակցութեան ընդդիմութեան, սակայն նշեց, որ հաւանական գրգռութիւններ եւ խափանարարութիւններ բանակցութիւններուն կը սպառնան:

«Մենք այս վերջին հոլովոյթին նկատմամբ յուսալից ենք: Ինչ ալ պատահի, մեր յոյսերը չենք կորսնցներ: Մենք զգուշ ենք, սակայն տակաւին յուսալից ենք», ըսաւ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ «մեր ժողովուրդին օգնութեամբ եւ Աստուծոյ կամքով` այս հոլովոյթին մէջ յաջողութիւն պիտի արձանագրենք, հակառակ գրգռութեան փորձերուն եւ խափանարարութեան»:

«Խաղաղութեան հոլովոյթ»-ը կամ «Իմրալիի հոլովոյթ»-ը կ՛ակնարկէ Իմրալի կղզիին վրայ ՔԱԿ-ի արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ տեղի ունեցող բանակցութեանց:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ թէեւ իր կուսակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ առանձին ձգուած է, սակայն իր խաղաղութեան նախաձեռնութենէն ետք քայլ պիտի չկատարէ: «Ոչինչ բռնարարքն ու ահաբեկչութիւնը կ՛արդարացնէ: Ահաբեկչութիւնը այս երկրին ցաւէն, արիւնէն եւ արցունքներէն բացի ոչինչ բերաւ: Մեր միակ մաղթանքն ու նպատակը մայրերուն արցունքները սրբելն է», նշեց ան:

Անդրադառնալով քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ Փարիզի մէջ քիւրտ ականաւոր կին գործիչներու սպանութեան մէջ թրքական «Ուրուային պետութեան» պատասխանատուութեան հաւանականութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններուն` Էրտողան ըսաւ, որ այդ ամբաստանութիւնները «անպատասխանատու եւ անփափկանկատ» են: «Թրքական պետութիւնն ու կառավարութիւնը Փարիզի սպանութիւններէն անմիջապէս ետք ամբաստանելը իսկական ոճրագործներուն արծաթեայ ափսէի վրայ առիթ մը ներկայացնելէ տարբեր չէ», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը այպանեց ֆրանսական կառավարութեան իբրեւ ջատագով վարուելուն համար:

Ան ըսաւ, որ «մենք շաբաթ օր Փարիզի կարգ մը հարցումներ հարցուցինք. պատասխանը եկաւ Հանրապետական ժողովուրդի ղեկավարէն եւ ոչ թէ Փարիզէն»: «Դուք Ֆրանսայի փաստաբա՞նն էք, Փարիզի բանբե՞րը: Ա՞յս է ձեր պարտականութիւնը: (Անոնք) չյստակացուցին, թէ ո՛ր երկրին ընդդիմադիր կուսակցութիւնն են: Ան (Քըլըճտարօղլու. «Ա.») եւ իր ընկերները պէտք է որոշեն, թէ այս հոլովոյթին դէ՞մ են, թէ՞ ատոր կ՛աջակցին»:

Քըլըճտարօղլու նշած էր, որ Էրտողանի` Ֆրանսայի նախագահին ՔԱԿ-ի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումները քննադատելը անհեթեթութիւն է, երբ թրքական կառավարական հաստատութիւններ արդէն այդ կազմակերպութեան հետ նոր բանակցութիւններ կը վարեն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )