Ֆրանսա Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Հետ Հիւլէական Ծրագիրներու Մէջ Գործընկեր Ըլլալ
Ֆրանսայի առեւտուրի նախարար Նիքոլ Պրիք յայտնեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ մէջ հիւլէական ծրագիրներով հետաքրքրուած է:
«Մենք Թուրքիոյ մէջ հիւլէական ծրագիրներով հետաքրքրուած ենք: Կ՛ուզենք Թուրքիոյ հետ մեր կապերը դարձեալ ամրապնդել», ըսաւ ան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրիք նշեց, թէ առեւտրական յարաբերութիւնները կրնան նպաստել Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ վերջերս նշմարուող քաղաքական լարուածութիւնները մեղմացնելու` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են տնտեսական գործընկերութեան վրայ:
«Ֆրանսա եւ Թուրքիա երկու մեծ պետութիւններ են: Մենք Թուրքիոյ պէտք ունինք, եւ կը հաւատամ, որ Թուրքիա եւս Ֆրանսայի նման մեծ գործընկերի մը պէտք կրնայ ունենալ», ընդգծեց ֆրանսացի նախարարը:
Պրիք ըսաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ առեւտրական գործառնութեան ծաւալը 15 միլիառ եւրօ է` աւելցնելով, որ իր Թուրքիա այցելութեան նպատակը այդ գումարը բարձրացնելն է:

