Թուրքիա Փարիզի Սպանութեանց Մասին Ֆրանսայէն Տեղեկութիւն Կը Պահանջէ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Իւնալ երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա Փարիզի մէջ երեք քիւրտ կին գործիչներու սպանութեան շուրջ Ֆրանսայէն տեղեկութիւն կը պահանջէ:
«Սկիզբէն ի վեր ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջեցինք այս հարցին շուրջ մեզի մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրել», ըսաւ Իւնալ:
Երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ սպանութեանց ունենալիք ազդեցութեան շուրջ հարցադրումներուն պատճառով յառաջացած լարուածութեան ակնարկելով` Իւնալ ըսաւ, որ «երկու կողմերէն յարաբերութիւնները բարելաւելու կամք կը տեսնենք»: Ան նաեւ նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Թուրքիա այցելութեան ուղղութեամբ աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Մալիի Մէջ Հարցերը Լուծել Դիւանագիտական
Միջոցներով Եւ Ոչ Թէ Միակողմանի
Միջամտութիւններով
Իւնալ նաեւ խօսեցաւ Մալիի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն մասին` նշելով, որ Թուրքիա կը յուսայ, որ երկիրը կարելի եղածին չափ շուտ կարենայ ինքզինք կայունացնել:
«Թուրքիա կը նախընտրէ հարցերը դիւանագիտական միջոցներով լուծել, միակողմանի միջամտութիւնները չենք նախընտրեր», ըսաւ Իւնալ` պատասխանելով Մալիի մէջ Ֆրանսայի միջամտութեան մասին հարցումի մը:


