Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդէն Պահանջեց Հալէպի Համալսարանին Մէջ «Ահաբեկչական Ջարդը» Դատապարտել

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ երեքշաբթի օր Հալէպի համալսարանին դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքին զոհերը ուսանողներ են:

«Հալէպի համալսարանին դէմ կատարուած այս յարձակումը կրթական հաստատութեանց դէմ կատարուած առաջին յարձակումը չէր, որովհետեւ այս ոճրագործները աւելի քան 2362 դպրոց քանդեցին ու անոնց մէջ անմեղ մանուկներ եւ ուսուցիչներ սպաննեցին», նշուած է նամակին մէջ:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը մինչեւ հիմա չէ դատապարտած այդ ահաբեկչութիւնը, եւ ընդհանուր առմամբ ՄԱԿ-ի անդամներուն եւ մասնաւորաբար Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղեց «դատապարտելու ահաբեկչական այդ ոճիրները, ներառեալ` այս ջարդը, որուն ենթարկուեցան Հալէպի համալսարանի ուսանողները, աշխատակիցները եւ հոն ապաստանած քաղաքացիները, որովհետեւ երկակի չափանիշեր օգտագործող, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան զօրակցող եւ այլուր զայն դատապարտող երկիրներու համար  այդ մէկը մերժելու բացարձակապէս որեւէ արդարացում չմնաց»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի համալսարանին մէջ 87 զոհ խլած ականահարումէն մէկ օր ետք, երէկ Իտլիպ նահանգին մէջ երեք ականուած ինքնաշարժներու պայթումը 24 զոհ պատճառած է:

Մոսկուա յայտնեց, որ Սուրիոյ բանակին դիմաց իրենց կրած պարտութենէն ետք ընդդիմադիրները Հալէպի համալսարանը ականահարած են:

Մինչ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած է, որ սուրիական վարչակարգը դեկտեմբերին Հոմսի մէջ խաղաղ բնակչութեան դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է, Սպիտակ տան բանբեր Թոմի Վիթորի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով չհաստատեց քիմիական զէնքի օգտագործման լուրը` նշելով, որ «եթէ Ասատի վարչակարգը այդպիսի սխալ մը գործէ եւ քիմիական զէնք օգտագործէ, պատասխան պիտի ստանայ»:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի համալսարանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ յարձակումներ շղթայազերծած է մասնաւորաբար Պապել Հատիտ եւ Պապել Քասր շրջաններուն դէմ, ինչպէս նաեւ Լերամունի դէմ, ուրկէ, ըստ պետական աղբիւրներու, արձակուած էին Հալէպի համալսարանը հարուածած երկու հրթիռները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )