Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Ալէյի բանտէն երկու արգելափակեալներու փախուստը ձախողեցուցին, ինչպէս նաեւ ձերբակալեցին երկու բանտապահներ, որոնք մեղսակցած էին այդ գործողութեան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ընտրական օրինագիծին նկատմամբ իրենց կեցուածքը յստակ է: Ան նշեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը` ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելու հիման վրայ: Ուահապ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չկատարուի:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ ընտրական օրինագիծին մասին արձանագրուած բանավէճը կրնայ յանգիլ միայն ընտրութիւնները ջնջելու քայլին:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փորձէ ընտրական միասնական օրինագիծ մը մշակել` ընտրական քանի մը օրինագիծ իրարու միախառնելով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 300 լ. ոսկիի յաւելում, կարմիր մազութինը` 300 լ. ոսկիի, իսկ կանաչինը` 200 լ. ոսկիի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սպայից վարժարանի ուսանող մը ձերբակալուած է` Այն Հելուէի մէջ գործող ահաբեկչական ցանցի մը հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի մշակած ընտրական օրինագիծը հարուածեց բոլոր անոնց, որոնք իսկական երկրի մը մասին կը մտածէին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ եթէ ընտրական որեւէ օրէնքի պարագային համամասնական դրութիւնը ջնջուի, ապա քրիստոնեայ համայնքը ճշգրիտ ձեւով կարելի չ՛ըլլար ներկայացնել:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական արդի օրինագիծ մը, որուն մէջ լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովուի:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` աւելցնելով, որ Լիբանանը Ֆըրզլիէն եւ բոլորէն աւելի կարեւոր է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը հակասահմանադրական է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն վերադառնալ ընտրական օրինագիծի մշակման առաջին հանգրուանին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին, եթէ անիկա 1960-ի ընտրական օրէնքէն բացի միակ այլընտրանքն է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ բացայայտած են, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի յետաձգուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանան ուղղուող գաղթականներուն առողջապահական օժանդակութիւն ապահովելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )