Ապատի-Սինիորա Հանդիպում

Ապատի, Սինիորա եւ Շաթահ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Թեհրան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Իրան կը հաստատէ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Ապատի մաղթեց, որ 2013-ը լիբանանցիներուն համար ըլլայ բարիքի, խաղաղութեան եւ կայունութեան տարի մը:

Պատասխանելով Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան վերսկսման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` իրանցի դեսպանը նշեց, որ անիկա ներքին լիբանանեան հարց է: Ապատի նաեւ ընդգծեց, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ ոչ միայն Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի միջեւ երկխօսութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )