Վարչապետ Միքաթի Կոչ Ուղղեց Պահպանելու Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ սկիզբը յայտարարեց Կրթական բարգաւաճման Բ. ծրագիրին` ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի:
Իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ներկայիս լիբանանցիներուն միջեւ արձանագրուող բանավէճը զանոնք բաժնող վիհ մըն է, որուն պէտք է վերջ տալ:
Ան կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական արդի օրէնք մը, որ բոլոր լիբանանցիները կը միասնականացնէ:
«Ընտրական որեւէ օրէնք, որ հիմնուած է լիբանանցիները համայնքային թէ յարանուանական առումով բաժնելու գաղափարին վրայ, մերժելի է, որովհետեւ լիբանանցիները բաժանումն ու դաշնակցային պետութիւնը կը մերժեն», ըսաւ վարչապետը` աւելցնելով, որ կարելի չէ Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ շրջանային այս զգայուն հանգրուանին անկարելի է արտօնել, որ համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրուին եւ Լիբանանը վերածեն վտանգաւոր վայրի մը:
Ան կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ, վարչապետին հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, յառաջիկայ 24 յունուարին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան` Մոհամետ Մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով: