Քոնելլի Ողջունեց Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակութիւնները Շարունակելու Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Քոնելլի եւ Ապու Ֆաուր

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հանդիպում մը ունենալէ ետք ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ ողջունեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու գծով:

Քոնելլի հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի զօրակցին յառաջիկայ 30 յունուարին Քուէյթի մէջ ՄԱԿ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին:

Քոնելլի յայտնեց, որ մինչեւ օրս Ուաշինկթըն 210 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն կատարած է Սուրիոյ մէջ մնացող քաղաքացիներուն եւ Սուրիայէն գաղթած սուրիացիներուն:

Քոնելլի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մաղթեն, որ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները գոհացնելու համար պէտք եղած բոլոր գումարները կարելի ըլլայ գոյացնել:

Ամերիկացի դեսպանը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )