Սապունճեան Ալճերիոյ Հետ Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Կը Պատրաստէ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Իպրահիմ Հասիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ալճերիոյ միջեւ տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերող գործակցութեան աշխուժացումը, յատկապէս երկու երկիրներուն միջեւ օրինական յարմար շրջագիծ մը ճշդելու նպատակները, որոնց համաձայն կարելի կ՛ըլլայ փոխադարձ առեւտուրը քաջալերել եւ լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց ալճերիական շուկան բանալ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ ներդրումները եւ երկու երկիրներուն գործատէրերուն միջեւ այցելութիւնները քաջալերել:
Հասի շեշտեց, որ Սապունճեան յանձնառու է Լիբանանի եւ Ալճերիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու գաղափարին:
Վ. Սապունճեան իր կարգին նշեց, որ Ալճերիոյ հետ գործակցութեան նպատակով պատրաստուող համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի մօտիկ ապագային` Ալճերիա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին:


