ՀԻՆԸ ՆՈՐՈՎ ԳԻՐԿԸՆԴԽԱՌՆ
Հին ու նորի զուգակցութեամբ, սիրեցի պատմութիւնը: Դպրոցական տարիներուս մասնաւորաբար հօրս պարտադրութեամբ լափեցի մեր ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւնը: Այդ օրերուն կրնայի թութակի պէս թուականներու կարգով յաջորդաբար ըսել մեր թագաւորներուն, եկեղեցական իշխանաւորներուն անունները, անոնց ապրած թուականները, Հայկ Նահապետէն սկսեալ մինչեւ Լեւոն Ե. թագաւոր, Քրիստոսէն սկսեալ մինչեւ մեր ապրած շրջանը: Կրնայի խօսիլ մեր հերոսական յաղթանակներուն եւ ցանցառ իսկ ներկայացուէր, տխուր պարտութիւններուն մասին: Բայց անտարբեր էի մեր վարժարաններուն մէջ դասաւանդուած պատմութեան դասին նկատմամբ: Որովհետեւ այնտեղ պատմուած հինը տարբեր հայելիէ ցոլացած հին մըն էր, որ չէր խանդավառեր զիս:
Սիրեցի մեր երգերը, նախընտրաբար հին երգերը: Երգեր, որոնց մէջէն դուրս կու գային մեր քաջարի հերոսները իրենց խրոխտ ինքնութեամբ եւ հայրենասիրական պատգամներով: Երգեր` կարօտի սրտաշարժ երանգներով, սիրոյ ջերմիկ կանչերով, նաեւ կորուստներու անմխիթար ափսոսանքով: Այդ երգերը վերակենդանութիւն գտան հագագիս մէջ, նոր ձայներանգներով գոյն եւ իմաստ ստացան` կազմելով իմ էութեան անբաժանելի հարստութիւնը:
Սիրեցի հայատառ մեր հին գիրքերը: Որպէս թանկագին մասունքներ` պահպանեցի եւ հաւաքեցի անթիւ անհամար հին գիրքեր, թերթեր, ձեռագիրներ, մեսրոպեան տառերով ամէն ինչ: Կարդացի զանոնք խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ: Շոյեցի զանոնք գուրգուրանքով: Գրադարանիս մէջ ընտրելագոյն տեղը անո՛նց յատկացուցի: Այդ գիրքերու հմայքին տակ է, որ սիրահարի նուիրումով կապուեցայ մեր մայրենիին եւ խոր տենչանքով յագեցուցի իմ ծարաւը մեր մեծասքանչի անմահական ջուրով:
Չափազանց սէր զգացի տարեց մարդոց, հի՛ն մարդոց հանդէպ: Թերեւս կը խղճահարէի անոնց, կամ թերեւս ներքին անգիտակից մղումով հի՛նը կը փնտռէի անոնց մէջ, չեմ գիտեր: Ժամեր շարունակ կրնայի մտիկ ընել զիրենք, լսել իրենց կեանքի պատմութիւնը: Լսել, թէ ո՞ւր ծնած էին անոնք, ո՞ր թաղին, ինչպիսի՞ շրջապատի մը մէջ, ինչպէ՞ս ապրած էին, իրենց ընտանիքը քանի՞ անդամներէ կը բաղկանար, ի՞նչ ճակատագիր ունեցած էին անոնք, ի՞նչ սովորութիւններ ունէին: Որո՞նք էին իրենց ժամանակակից նշանաւոր մարդիկը: Եթէ դպրոց յաճախած էին, ո՞ր դպրոցն էր այդ, ո՞վ էր դպրոցին տնօրէնը կամ իրենց ուսուցիչը: Ինչպիսի՞ կարգ ու կանոն կը տիրէր դպրոցէն ներս, ի՞նչ դասեր կը դասաւանդուէին: Բա՞ց էր հիմա այդ դպրոցը, թէ՞ փակուած էր…: Հարցումներ, որոնց պատասխանները հինի բուրմունքով կ՛օրօրէին երեւակայութիւնս:
Անսահման սէր ու փարում զգացի մասնաւորաբար այն տարեցներուն նկատմամբ, որոնք սարսափի հովիտէն անցած, տառապած եւ ցիր ու ցան եղած էին: Հոգ չէ, թէ ամէն անգամ յուզումը փոթորկէր հոգիս, արիւնս սառէր երակներուս մէջ, արցունքներ հոսէին աչքերէս, ես կը պահանջէի, որ խօսէին անոնք, խօսէին ինծի ու պատմէին մեր անցեալի կեանքին, մեր հնաւուրց օրերու մասին:
Խօսեցան անոնք, խօսեցան, եւ ես օր մըն ալ անդրադարձայ, որ անոնք անխորտակելի բոյն դրած էին ներաշխարհիս մէջ, եւ ես անոնց հետ գիրկընդխառն, փորձառութիւններ կուտակած էի եւ կերտած իմ անշեղ ինքնութիւնը:
Մինչ իմ ճամբաս կը շարունակէի անփութօրէն, միջոց մը ետ դարձայ դարձեալ, հիները վերագտնելու յոյսով: Բայց անդրադարձայ, որ այլեւս չկայի՛ն անոնք, չկայի՛ն, այլ կային նորեր, կային նորաբողբոջ սերունդներ: Թէեւ այլայլած, թէեւ յուզուած` տեսայ, որ այս անգամ ե՛ս էի, որ մաս կազմած էի հինի շարքերուն: Հին ու նորի տեղափոխութիւն մը, հերթափոխութիւն մը կատարուած էր: Հիները մեկնած էին, եւ ես նոր էի, հինցած էի` իմ տեղս զիջելով նորին:
Տարիներու բեռը շալկած, նոր օրերս հինի փոխած, որպէս բողոք, որպէս վրէժ, այս անգամ ալ գիւտը ըրի հինին թողած, հինը յուշող, հինը պատմող մասունքներու փրկութեան:
Փողոց իջայ, հայաբնակ հնամենի թաղերու մէջ ասդին-անդին թափառեցայ, հնահաւաք, հնավաճառ ման եկայ, նշանաւոր կամ աննշան մեր հին մարդոց լքուած թողուած, ծախուած թափուած, փողոց նետուած, արհամարհուած թողօններուն մեծ տուրք տալով տիրացայ, հաւաքածոյ կազմեցի: Այսօր դարձեալ փնտռտուքի աշխատանքին սիրահար, միշտ նոյն թափով, մշտանորոգ եռանդով, ասդին-անդին աչքս յառած, կը խուզարկեմ, ձեռք կը բերեմ, ինչ որ հին է, կարեւոր, մեր հիներէն, մեր մեծերէն մնացած:
***
Հին օրերու կարօտով, այսօր անզսպելի փափաքն ունիմ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ խոնարհելու իմ նախնիներուս խնկելի յիշատակին առջեւ, ոգեկոչելու զիրենք, աղօթելու անոնց հոգւոյն, նաեւ պատմութեան փոշիներէն դուրս բերելու եւ ներկայացնելու անոնցմէ մնացած նիւթեղէն մասնիկներ, միաժամանակ ցոյց տալով, թէ յատկանշական ինչեր կան իրենցմէ հաւաքածոյիս անթիւ անհամար իրեղէններուն մէջ:
Առաջին հիները հաւաքած եմ մեր տունէն: Մինչեւ այսօր մասունքի նման կը պահեմ նկարը` հօրս կողմէ մեծհօրս ընտանիքէն, Տատեան գերդաստանի շառաւիղէն Մաքրուհի Խնդամեանի, որուն մահէն ետք իր անունով կոչեր են զիս: Իր նկարը, որ զետեղուած էր սատափազարդ շրջանակի մը մէջ, կը զարդարէր մեր ամէնօրեայ սենեակի պատը: Մաքրուհի Խնդամեանի դուստրը` Քլեմանթին Գարագաշեան, որ մեր տան մէջ մեր ընտանիքի անդամներէն մէկն էր եւ մեր ծնունդէն իսկ առաջ կորսնցուցած էր իր զաւակը` Հրաչեան, մեր մանկութեան օրերուն, ամէն շաբաթ օր, Ս. Էջմիածնի նմանակով խնկաման ի ձեռին, արտասուախառն աչքերով խունկ կը ծխէր իր վաղամեռիկ զաւկին եւ մօրը պատկերներուն առջեւ: Թէեւ այսօր չունիմ ի ձեռին սատափեայ շրջանակները եւ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ եղած են անոնք, բայց խնամքով կը պահեմ տակաւին այդ նկարները, նաեւ` խնկամանը, որպէս իմ ընտանիքէս ժառանգ մնացած չնչին, բայց ինծի համար շատ թանկագին յիշատակներ: Կը գուրգուրամ մասնաւորաբար Մաքրուհի Խնդամեանի նկարին վրայ, որուն անունը կը կրեմ եւ որուն յիշատակը յարգել կը ջանամ:
Ժամեր շարունակ կրնամ դիտել մօրս` Վերգինի (այդ օրերուն Կարապետեան) մկրտութեան լուսանկարը: Ան անմեղ աչքերով կը նայի ինծի եւ կարծես կ՛ըսէ, որ որպէս առջինեկ զաւակ, ծնունդ պիտի տայ ինծի: Կրնամ դիտել մօրս երիտասարդութեան նկարը` ապագայ կեանքի խոստումներով բեռնաւոր: Կրնամ դիտել նաեւ հօրս` Վահանի լուսանկարը, մայրս որոնելու երազանքը աչքերուն:
Կրնամ տակաւին երթալ շատ հեռուները եւ հետաքրքրութեամբ դիտել մօրս մօրաքոյրը` Աստղիկը, իր դուստրը` Մարիամը եւ իրենց զաւակը, մօրս զարմիկ Յակոբը:
Գունատած լուսանկարներ ահա, հօրս եւ մօրս կողմէ բնիկ պոլսեցի իմ մեծերէն, բոլորն ալ անդենականի բնակիչ դարձած:
Անբացատրելի կարօտով կը յիշեմ զիրենք, մարմին կու տամ անոնց եւ երեւակայութեանս թեւերով սրտիս վրայ ամուր կը սեղմեմ բոլորն ալ:
ՄԱՔՐՈՒՀԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Մարմարա»
(Շար. 2)