ԵՐԲ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՆԵՂ ՕՐԵՐՈՒՆ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ
Թուրք-սուրիական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւններու մասին ընդհանուր համոզում գոյացած էր` տասնամեակի մը ընթացքին ստորագրուած բազմաթիւ համաձայնագիրներու եւ զանազան բնագաւառներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընդմէջէն:
Սակայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական շարժումը եւ իրադարձութիւնները կրնան նման ուղղութիւն փոխել:
Սուրիոյ հետ կապուած վերջին օրերուն տարածուած լուրերէն հաւանաբար ամենաուժեղն էր Պոլսոյ մէջ ընդդիմադիր սուրիացիներու հանդիպումը:
Երկրի քաղաքական իրավիճակին հետեւողները կրնան վերջին շաբաթներուն Թուրքիայէն հասած հանգրուանային նշոյլները տեսնել:
Այդ նշոյլները սկսան, երբ պաշտօնական Թուրքիան Ասատէն պահանջեց կասեցնել բռնութիւնը, իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկել եւ կատարել բարենորոգումները շուտափոյթ կերպով: Թրքական տեսանկիւնէն, այդ բարձրամիտ խրատները կամ դասերը ականջ չգտան:
Անկէ ետք կայացաւ սուրիացի Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդի մամլոյ ասուլիսը Պոլսոյ մէջ, հակառակ անոր, որ Թուրքիան յայտարարութեամբ մը հերքեց այդ խմբակին նման յայտարարութիւններու որդեգրումը:
Վերջին օրերուն հարցերը զարգացան, երբ «Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք» վերնագրի տակ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` կազմակերպութեամբ թրքական քաղաքացիական մարմիններու, որոնք կը գործեն «Քաղաքական երկխօսութեան Պոլսոյ ամպիոն» անունին տակ: Այդ խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան թրքական եւ սուրիական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք պահանջեցին սուրիական կառավարութենէն բռնութիւնը անմիջապէս կասեցնել եւ բարենորոգումները կիրարկել` բազմակուսակցական դրութիւնը որդեգրելով:
Խորհրդաժողովի փակման յայտարարութեան մէջ նշուած էր մասնակիցներուն պահանջը` Սուրիոյ մէջ կասեցնել ձերբակալութիւնները, մամուլի եւ խօսքի ազատութիւն եւ նորացուած հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործման թոյլտուութիւն:
Իրականութեան մէջ սոյն հաւաքը առիթ մըն էր բացայայտելու Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հանդէպ թրքական քաղաքական եւ նոյնիսկ պաշտօնական դիրքորոշումը:
«Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք»ին մասնակիցները Արաբական լիկային կոչ ուղղեցին սուրիացի քաղաքացիները պաշտպանելու:
Վերադառնալով թրքական հանգրուաններուն, ուրեմն, վերջինը եղաւ Սուրիոյ մէջ թուրք դեսպանին Անգարա կանչուիլը, հաւանաբար զեկոյց տալու համար:
Այս նախաձեռնութիւններուն կողքին, կարելի չէ չտեսնել քրտական գործօնը, որ անհանգստացուցած էր Թուրքիան, այն երկիրը, որ կը հպարտանայ Սուրիոյ առջեւ իր բարենորոգումներով, բազմակուսակցականութեամբ, մոռնալով լրագրողներու եւ փոքրամասնութիւններու բռնութիւնը:
Նման նախաձեռնութիւններ չէին վայելեր Թուրքիոյ եւ իր մամուլին: Ոչ ալ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան` Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններուն Աւագ Ուրբաթի մասին յայտարարութիւնը, որուն մէջ Սուրիան առանձնացուած է բռնակալ երկիրներու շարքին` անտեսելով բնակչութեան մեծ տոկոսին զօրակցութիւնը նախագահին:
Կ՛ենթադրուի, որ Պոլսոյ սոյն հաւաքը պետական բնոյթ չէ ստացած, սակայն անիկա կատարուեցաւ «օր ցերեկով», եւ ի դիմաց լրատուական պնդումներուն, որոնք կը շեշտեն, թէ թրքական կառավարութիւնը եւ թրքական ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հետաքրքրուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններով: Ըստ թրքական մամուլին, «որեւէ նախատեսուած բեմագրութիւններ դիմագրաւելու համար բոլոր միջոցները նախաձեռնուած են»:
Կ՛եզրակացնենք, որ բարձրացուած ձայները կը բաւարարեն միայն թրքական շահերը եւ արդիւնք են արաբական աշխարհին մէջ իր ծաւալման կծկուելու վախին:
Թէ Թուրքիոյ պաշտօնական հեռաւորութիւնը Պոլսոյ հաւաքներէն որքա՞ն է, չենք գիտեր, սակայն քաջ գիտենք, որ անիկա հեռու է արաբական առածէն` «Բարեկամը նեղ օրերու համար է»:
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
29.04.2011