«ՀՅԴ-ն Նոր Իրավիճակ Կը Կանխատեսէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ-ն չի բացառեր, որ նախընտրական շրջանի որոշ հանգրուանին կոչով կամ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ:

«Մեր վերջին ժողովը լիազօրած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հետեւիլ այս զարգացումներուն եւ ըստ հարկին կողմնորոշել մեր կուսակցական ընկերները, մեր համակիրները` ինչպէս քուէարկել ընտրութիւններուն ընթացքին: Մենք տակաւին մինչեւ 18 փետրուար ժամանակ ունինք եւ մենք մեր դիրքորոշումը պիտի արտայայտենք», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Ան անհաւանական նկատեց ընտրութիւններու 2-րդ հանգրուանին կայացումը:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, 18 փետրուարին նախագահի արդէն կանխորոշուած ընտրութիւններէն ետք քաղաքական համակարգի կայացման ժամանակաշրջան կը սպասուի: «Քաղաքական դաշտը վերադասաւորուելու, վերաձեւաւորուելու, նոր խաղացողներու ի յայտ գալու խնդիր պիտի ունենայ: Համոզուած ենք, որ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը պիտի շարունակեն աճիլ: Ես վստահ եմ, որ ընտրութիւններէն ետք մենք նոր քաղաքական իրավիճակ պիտի ունենանք», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հարցրազրոյցին եւ մասնաւորաբար այն միտքին, թէ իշխանութեան պայքարը երկու ղարաբաղցիներու միջեւ անընդունելի է:

«Մարդկային որակ է, եւ ատիկա բարոյագիտական, զգացումներու մարզին մաս կը կազմէ: Հասկնալի է, բնական է. մարդիկ երկար ճամբայ անցած են միասին, գործող նախագահը կարելիութիւն ունի 2-րդ անգամ վերընտրուելու, եւ հակասութիւն չստեղծելու, շահարկումներու առիթ չտալու», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )