ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Նախագահին Հետ
Երէկ Արցախ ժամանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու հայկական պետութիւններու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեան:
CATEGORIES Հայկական


