Ընդդիմութեան Կողմէ Թեկնածուներու Չառաջադրման Մասին Իշխանութիւնը Պէտք Է Մտածէ

Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին մասին խօսելով յայտնեց, որ սկիզբէն պարզ էր, որ եթէ հիմնական քաղաքական դերակատարները թեկնածութիւն չառաջադրեն, կան որոշակի մարդիկ, որոնց մօտ առաջադրման ցանկութիւն կայ, եւ ասիկա բնական է, այստեղ արտառոց բան չկայ:

Պատգամաւորը այստեղ այլ խնդիր կը տեսնէ, որ պէտք է իշխանութիւնը մտահոգէ: Ըստ անոր, իշխանութիւնը պէտք է դիտարկէ, թէ ինչո՛ւ հիմնական քաղաքական դերակատարները չեն առաջադրեր թեկնածուներ կամ չեն սատարեր ոեւէ մէկուն:

Մինասեան նշեց, որ ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ խնդիրներ կան: Պատգամաւորը ընդգծեց, որ իշխանութիւնը պէտք է մտածէ, թէ ո՛րն է հիմնական խոչընդոտը, որ նման վարքագիծ կը դրսեւորեն ընդդիմադիր դաշտի հիմնական դերակատարները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )