50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1963)

Հրդեհ Քարանթինայի Մէջ

200-է Աւելի Հիւղեր Հրոյ Ճարակ Դարձան
Քսան
Հայ Ընտանիքներ Մնացին Անպատսպար

Անպատսպար մնացած աղէտահար ընտանիք մը

Երէկ` հինգշաբթի գիշեր, ժամը 9:00-ին, անծանօթ պատճառներով հրդեհ մը ծագեցաւ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ:

Շուտով հրդեհը մեծ համեմատութիւններ ստացաւ` տարածուելով մինչեւ Քարանթինայի հայոց եկեղեցիի շրջապատը եւ լափելով երկու հարիւրէ աւելի տնակներ:

Պէյրութի հրշէջ խումբը ուշ հասած ըլլալով` ամբողջ թաղին մէջ յուզում եւ իրարանցում ստեղծուեցաւ: Բոցերը տասնեակ մեթրներով երկինք կը բարձրանային` մղձաւանջային վիճակ մը ստեղծելով աղէտեալներու մօտ, որոնք տուն տեղ ձգած, հազիւ մէկ հագուստով, դուրս կու գային բոցավառ շրջանէն:

Արաբական հիւղաւանէն սկսած այս կրակը շուտով հասած էր հայկական շրջանը, ուր ամբողջ ժողովուրդը, մէկ մարդու պէս, փրկութեան գործին նուիրուած էր:

Հայ երիտասարդներ գործի լծուած, կրակ առած շրջանը առանձնացնելու համար, կարգ մը հիւղեր կը քանդէին, իսկ ուրիշներ շրջանի տուները կը պարպէին:

Ժողովուրդին մօտ ստեղծուած սարսափն ու յուզումը չափ ու սահման չունէր: Հրդեհի ծագումէն մօտ մէկ ժամ ետք հասած հրշէջները գործի լծուեցան եւ կրցան աղէտը սահմանափակել: Ժամը 11:00-ին, գրեթէ մարած էր կրակը: Ելեկտրական բոլոր գիծերը այրած ըլլալով` շրջանը մնացած էր խաւարի մէջ, աւելի սաստկացնելով խուճապը:

Աղէտահար ընտանիքներ, ծեր, երեխայ, այր ու կին, մաս մը ապաստանեցան Քարանթինայի վարժարանը, որ հազիւ փրկուած էր բոցերէն, ուրիշներ իրենց ազգականներուն տուները փութացին:

Աղէտին լուրը իսկոյն հասած էր ազգային պատասխանատուներուն: Տեղին վրայ փութացին պետական երեսփոխաններ` զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Վարդգէս Շամլեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ ուրիշներ, որոնք ժողովուրդին մէջ մտնելով` կազմակերպեցին փրկութեան գործը:

Ընդհանուր դատախազը, ընկերակցութեամբ ոստիկանութեան տնօրէնին եւ Պէյրութի հարցաքննիչ դատաւորին, տեղւոյն վրայ սկսաւ նախնական քննութիւններուն` ճշդելու համար հրդեհին պատճառը:

Թէեւ մինչեւ ուշ գիշեր կարելի չեղաւ ճշդել, թէ մարդկային զոհեր կա՞ն, թէ՞ ոչ, բայց ըստ «Լ՛Օրիան»-ի, տղեկ մը շնչահեղձ ըլլալով` մեռած է: Քանի մը հոգիներ ալ այրուցքներ ստացած են:

 

Խմբագրական

Ախտաւոր Երեւոյթներ
Բ
.

Թրքախօսութիւնը մէկ երեսն է միայն այն ախտաւոր երեւոյթներուն, որոնք վտանգաւոր կերպով սկսած են բոյն դնել մեր բարքերէն ներս:

Մէկ ուրիշ երեւոյթ է սրճարաններու ցանցին բազմացումը հայկական թաղերէն ներս, մասնաւորաբար երբ նկատի ունենանք, թէ սրճարանի մնայուն յաճախորդներուն բարձր տոկոսը կը կազմեն երիտասարդները:

Հոս արդէն հարցը կը ստանայ ընդհանրական-ընկերային բնոյթ եւ կը սպառնայ մեր բարքերուն, որոնց անաղարտ պահպանման համար հայը այնքան մեծ զրկանքներ պարտադրած է ինքզինքին:

Սովորական իմաստով սրճարաններ չեն մեր մատնանշումին ենթակայ վայրերը, այլ` բախտախաղի կեդրոններ, ուր հայ երիտասարդը, նոյնիսկ պատանին, ոչ միայն նիւթապէս կը տուժէ, այլ նաեւ բարոյապէս անկումէ անկում կը գլորի` օրին մէկն ալ դառնալու համար անպէտք տարր մը ընկերութեան համար:

Ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել պատանիներ, որոնք ծխապատ սր    ճարաններու մէջ ախտաբոյր մթնոլորտի մը բոլոր ապականութիւնները կ՛ապրին` ծիւրելով հոգեպէս եւ բարոյապէս:

Ո՞վ կրնայ տալ հաշիւը այդ ախտավարակ մոլութեան զոհ գացած հայ երիտասարդներուն: Հարի՞ւր, հազա՞ր, աւելի՞: Ամէն պարագայի տակ, մեծ համեմատութիւններու հասած է սրճարաններու մնայուն բնակիչը հանդիսացող հայորդիներու թիւը, գրեթէ բոլոր խաւերէն, մասնաւորաբար` համեստ:

Այդպիսիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անգործներ են: Իսկ բախտախաղի համար դրամ պէտք է: Կարելի է երեւակայել, թէ ինչպիսի՛ աններելի միջոցներու կրնայ դիմել խաղամոլ երիտասարդ մը` շարունակ նիւթ հասցնելու համար կանաչ սեղանին: Այդպէսով կը քակուի կծիկը բազմաթիւ այլ ախտաւոր երեւոյթներու, որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ առ այժմ:

Դարմա՞նը այս բոլորին: Միջոցները չեն պակսիր:

Առաջին առթիւ, մեծ դեր ունին կատարելիք մեր վարժարանները, ու յատկապէս` մարզական միութիւնները, որոնք յարմար միջավայր մը կրնան պարգեւել սր  ճարանային կեանքի դատապարտուած պատանիներու եւ երիտասարդներու:

Ասոր համար մեր մարզական միութիւնները պէտք է ընդարձակեն իրենց գործունէութիւնները: Մասնաւորաբար պէտք է զարկ տան սկաուտական շարժումին` ստեղծելով լայն հնարաւորութիւններ` հրապուրելու համար հայ պատանիները:

Այս ուղղութեամբ, հարկ չկայ շեշտելու, թէ ի՛նչ մեծ դեր կրնայ ունենալ խաղավայր մը` Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ: Այն պատանիները, որոնք փողոցները կը սլքտան կամ սրճարան կը յաճախեն, անպայմանօրէն պիտի փութան դաշտ, ուր զուարճութեան անսահման կարելիութիւններ կրնան ստեղծուիլ իրենց համար:

Ապագային հանդէպ մեծ պատասխանատուութիւն մը ունինք բոլորս: Եթէ այսօր վտանգաւոր զառիթափին վրայ չկեցնենք մեր պատանիները, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ արդէն: Կիսամիջոցները արդիւնք չեն տար: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ, անկախ միութիւններու կատարելիք դերէն, այս ուղղութեամբ կրնայ արդիւնաւոր գործ կատարել, եթէ փորձէ սրճարանային կեանքի ապականութենէն փրկել գոնէ անոնք, որոնք ամբողջովին չեն խրած տիղմին մէջ:

Պէտք չէ անգիտանալ այն իրողութիւնը, որ սրճարաններու անկիւնը իրենց ժամերը վատնող գորշ զանգուածը կորսուած սերունդ մըն է, անատակ այն պայքարներուն, որ հայութիւնը կը մղէ իր ինքնութիւնը պահելու համար: Մեր ո՞ր ուժերով պիտի նայինք ապագային, եթէ այդ ուժերը չըլլան մեր նորահաս պատանիներն ու երիտասարդները: Սերունդները կ՛ունենան միշտ իրենց կորուստի բաժինը, բայց եթէ այդ բաժինը մեծ համեմատութիւններու հասնի, հետագային դժուար թէ կարելի ըլլայ անոնց փոխանցումը կատարել բնականոն ճանապարհով:

Մեր շատ մը հիմնական կարծուած խնդիրները կը նսեմանան այս կենսական հարցին առջեւ:

Share this Article
CATEGORIES