Արուեստի Աշխարհէն. Երաժշտական Թատերախաղեր. Անցեալին Եւ Ներկայիս
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ 1862-ԻՆ ԳՐԵՑ «ԼԷ ՄԻԶԵՐԱՊԼ»-Ը, 1985-ԻՆ ԱԼԵՆ ՊՈՒՊԼԻԼ ԵՒ ՔԼՈՏ ՄԱՅՔԸԼ ՇՈՆՊԸՐԿ ԳՐԵՑԻՆ ԱՆՈՐ ԲԵՄԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԽԱՌՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԻՆ ԲԱՌԵՐԸ, ԻՍԿ 2012-ԻՆ «ՏԸ ՔԻՆԿ՛Զ ՍՓԻՉ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ` ԹՈՄ ՀՈՒՓԸՐ ՍՏԵՂԾԵՑ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԻՐ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ, ՈՐ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՕՐԸ ՍԿՍԱՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻԼ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԶԱՅՆ ԱՐԴԷՆ ՀՌՉԱԿԱԾ ԷՐ «ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՄԷՆԷՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ»: ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԱՍՏՂԵՐ` ՀԻՒԿ ՃԵՔՄԵՆ, ԷՆ ՀԱԹԸՈՒԷՅ, ՌԱՍԸԼ ՔՐՈՈՒ, ԱՄԱՆՏԱ ՍԷՅՖՐԻՏ, ՀԵԼԵՆԱ ՊՈՆԱՄ ՔԱՐԹԸՐ, ՍԱՉԱ ՊԱՐԸՆ ՔՈՀԵՆ, Կ՛ԵՐԳԵՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄԻ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ, ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑՈՒԻ ԻԲՐԵՒ «ՅԱՆԴՈՒԳՆ» ՔԱՅԼ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆ Է «ԻՐԱԿԱՆ» ԵՒ «ԱՆՄՇԱԿ» ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ», ԵՒ Կ՛ԱՒԵԼՑՆԷ, ԹԷ ԺԱՊԱՒԷՆԸ «ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՆՑՆԻ` ԵՐԱԺՇՏԱԽԱՌՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՊԱՍՏԱՌԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏՄԵԼՈՒ ԻՐ ՁԵՒԻՆ ՀԱՄԱՐ»: 27 ՏԱՐԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ ՆԵՐԳՐԱՒԱԾ Է ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐ: ԱՅԺՄ Կ՛ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ, ՈՐ ԱՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՍՏԵՂԾԷ «ԼԷ ՄԻԶԵՐԱՊԼ»-Ի ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ: ԱՆԴԻՆ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ «ՆԻՒԶՈՒԻՔ» ԹԵՐԹԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ ՊԼՈԿԻՆ` «ՏԸ ՏԷՅԼԻ ՏԻՇ»-Ի ՄԷՋ ՄԷԿՏԵՂՈՒԱԾ ԵՆ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` «ԼԷ ՄԻԶԵՐԱՊԼ»-Ի ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ: ԱՆՈՆՔ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐԷ ԿԸ ԳԾԵՆ ՍՈՒՐ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ.
«Մեկան ՄքԱրտըլ շատ կը սխալի այս պարագային: «Լէ միզերապլ»-ը շատ ճնշիչ է, ճիշդ այն պատճառով, որ ժամանակին կը ներկայացնէր ժողովրդային ճաշակը: Ռոճըրի, Հարթի, Լըրնըրի եւ Լոուի այս գործը ահաւոր ձանձրացուցիչ բան մըն էր բեմին վրայ եւ այժմ` ծիծաղելի ժապաւէն մը, որ այս օրերուն ակնդիրները կը խաբէ ձեր տան մօտիկ մէկ սրահին մէջ: Անոր երաժշտութիւնը առօրեայ հերթականութեամբ կ՛ունկնդրէին աշխատաւոր խաւի ծնողներս, որոնք անգիր կ՛երգէին երգերուն մեծ մասը: Անոր երաժշտութիւնը հաճոյք կը պատճառէ, որովհետեւ հաղորդական կը թուի հանդիսատեսին: Սակայն, արցունքով կը յիշենք անցեալի փառքը, երբ կը տեսնենք, թէ հանրութիւնը ինչպէ՛ս կը խուժէ` դիտելու համար «Լէ միզերապլ»-ի նման ներկայացումներ եւ հաճոյք կը զգայ` լսելով անոնց մրճահարող մեղեդիներն ու խուլ երգերը:
«Ասիկա ամերիկեան թատրոնի առեղծուածն է. թատրոնի դիտանկիւնէն` իրերը իրապէ՛ս շատ լաւ կը թուին ըլլալ: Երիտասարդ թատերագիրներու ներկայ հունձքը լաւագոյնն է, որ երբեւիցէ տեսած եմ: Սակայն երաժշտական թատերախաղերու մակարդակաւոր, ճաշակաւոր եւ արդիւնաւէտ ուղղութիւն մը ստեղծելու արուեստը դժբախտաբար հետզհետէ կը կորսուի:
«Պէտք է աւելցնեմ, թէ տարօրինակ է նման զգացումներ լսել Տէյվիտ Տենպիէն, որ ժամանակին գրած էր տարօրինակ յօդուած մը, որուն մէջ կը փորձէր բացատրել, թէ թատրոնը անարժէք է, եւ յաճախ` ամօթալի փորձառութիւն մը, մինչդեռ շարժապատկերը յաւիտենապէս կը պահէ մեծութեան կարողականութիւնը: Սակայն թերեւս ան Ս. Պօղոսի նման փորձառութիւն մը ապրած է թատրոնի նկատմամբ եւ ձգտած է զայն արմատախիլ ընել, մինչեւ որ տեսիլք մը ունեցած է»:
«Երաժշտական աւելի նրբաճաշակ ականջի մը համար «Լէ միզերապլ»-ը խռկոց մըն է: Հիմնականին մէջ «փոփերա» մըն է. փոփ երաժշտութիւն` օփերայի կիրքով: Արդի հանդիսատեսներուն ականջը նուազ վարժ է ներդաշնակութեան այն նրբութիւններուն, որոնք յատուկ են անցեալի երաժիշտներու, ինչպէս` Քըռն, Ռոճըրզ, Լոու, Լեսըր, Պեռնշթայն: Այս երաժիշտներուն մեծ մասը ունի դասական երաժշտութեան կրթութիւն, կամ` նման կրթութիւն ստացած են անոնց կտորները դաշնաւորած երաժիշտները: Բաւարար է ակնարկ մը նետել այս երկրին երաժշտական կրթութեան վիճակին վրայ` գիտնալու համար, թէ ինչո՛ւ:
«Երբ 20 տարի առաջ երաժշտական դպրոց կը յաճախէի եւ առաջին անգամ լսեցի «Լէ միզերապլ»-ը, զզուեցայ անոր մեղեդիներուն ներդաշնակութեան պարզութենէն: Այս տարի, Ս. Ծնունդի օրը զայն արտասուելով դիտեցի ծայրէ ծայր: Կարեւոր չէր, թէ Հիւկ Ճեքմենի համար շատ բարձր էր իր երգերուն ձայնաստիճանը, թէ` Ռասըլ Քրոու յաճախ կը նմանէր անդունդի մը եզրին քալող գիշերաշրջիկի մը եւ տեւաբար երաժշտութեան կշռոյթէն առաջ կ՛անցնէր: «Լէ միզերապլ»-ը չի վերաբերիր նրբութիւններու, վայելչագեղ ոճի, ներդաշնակութիւններու նրբութեան, նոյնիսկ պայման չէ լաւ երգեցողութիւնը: Անոր զգացական ներգործութիւնն է կարեւորը: Անիկա իր բնաբաններով անդադար կը հարուածէ մեզ անխնայ, կը հարուածէ մեր սրտին կարծր մասերը եւ օփերայի նման մաքրողական ներգործութիւն մը (քաթարսիս) կը պարգեւէ»:
«Կը ներէք, բայց ՄքԱրտըլ ճիշդ չէ հասկցած: Տենպիի խօսքը չի վերաբերիր «անցեալի երաժշտական կատակերգութիւններուն» միա՛յն: Արդեօք ան երբեւիցէ չէ՞ լսած «Ուեսթ Սայտ սթորի»-ի, «Ճիփսի»-ի, «Քամփընի»-ի, «Սուինի Թոտ»ի մասին: Անոնք բոլորն ալ ունին իրենց մռայլ պահերը եւ տիպարները: Այնպէս չէ, որ Տենպի կը փափաքի տեսնել սնամէջ եւ անմիտ երաժշտական թատրերգութիւններ, իսկ ՄքԱրտըլ, այսինքն` ընդհանրացնելով` «սովորական մարդիկ», պիտի ուզէին տեսնել զգացումները յուզող գործեր: Հարցը կը վերաբերի արհեստավարժութեան եւ լեզուի: Տենպիի գաղափարը այն է, թէ իր նշած երաժիշտները շատ աւելի ստեղծագործ էին, հարուստ, մշակուած, անակնկալներ պարգեւող եւ հետաքրքրական, քան` «Լէ միզերապլ»-ը յօրինած երաժիշտները:
«Շատ համաձայն եմ, թէ պարզ (ի տարբերութիւն` պարզունակի) եւ երաժշտական հզօր թատերախաղեր շատ տպաւորիչ էին, երբ կը բեմադրուէին իբրեւ կատակերգութիւններ: Երբեւիցէ դիտա՞ծ էք կամ լսա՞ծ էք Լեսըրի «Կայզ էնտ տոլզ»-ը: Այո՛, «Լէ միզերապլ»-ի բաղդատած` անիկա ներդաշնակութիւններու եւ մեղեդիներու իր բարդ եւ հարուստ կառոյցով կը հնչէ Վակների երաժշտութեան պէս: Սակայն անոր գաղափարն ու երգերը պարզ են: Երբ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ «Ուեսթ Սայտ սթորի»-ն, շատեր զայն դատապարտեցին, եւ ըսին, թէ մեղեդիական չէր հնչեր: Չորս տարի ետք պատրաստուած անոր ժապաւէնին յաջողութիւնը աւելի արդիւնք էր անոր կուռքի վերածումին:
«ՄքԱրտըլ ճիշդ կ՛ըսէ, թէ ժամանակն ու ծանօթութիւնը կը նպաստեն, որ արուեստը հասկնալի եւ ընդունելի դառնայ: Հանգիստ կը զգանք, երբ ծանօթ ենք բանի մը: Սակայն կը կասկածիմ, թէ «Լէ միզերապլ»-ի վարկը պիտի բարձրանայ յառաջիկայ տասնամեակներուն: Անիկա արդէն չափէն աւելի խոցելի է, եւ ժամանակը պիտի չկարենայ պաշտպանել անոր մակերեսային որակը: «Լէ միզերապլ»-ի հարցը այն չէ, թէ ինչո՛ւ փորձ կատարուած է բեմադրելու զայն. նպատակը գնահատելի է եւ ճիշդ` երաժշտական հզօր թատերախաղերու աւանդութեան մէջ: Սակայն հարցը այն է, թէ զայն իրագործած են իբրեւ… միջակութիւն մը: Ամբողջ հարցը իրագործումին մէջ է: Եթէ պիտի ուզէի տեսնել ինքզինքով հպարտացող գործ մը, որ զիս անձնատուր ընէր իր ամբողջ անարուեստ ճիգով, ապա վստահաբար կրնայի գտնել 19-րդ դարու նման բազմաթիւ օփերաներ, ինչպէս` Մայըրպիրի գործերը, որոնք գէթ նաեւ աւելի երկար են:
«Խնդրեմ` ըսէ՛ք ինծի, թէ ո՛վ աւելի հետաքրքրական եւ ամբողջական տիպար մըն է. այդ «սնոտիքին»` «Ճիփսի»-ի Ռո՞զը, թէ՞ «Լէ միզերապլ»-ի Ժաւերը»:

