Հրապարակաւ Իր Կատարած Յայտարարութեան Ընթացքին Լենս Արմսթրոնկ Խոստովանեցաւ, Որ Խթանիչ Դեղեր Գործածած Է

Ամերիկայի անուանի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկ հրապարակաւ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին խոստովանեցաւ, որ խթանիչ դեղեր գորածածած է:

Ինչպէս ծանօթ է, հոկտեմբեր 2012-ի վերջը Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը որոշեց 41 տարեկան Արմսթրոնկը ցմահ կախակայել եւ 1988-էն ետք անոր տիրացած բոլոր տիտղոսները չեղեալ նկատել:

PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախքան «Էյ. Փի.» գործակալութեան հրապարակած այս լուրը, «Նիւ Եորք Թայզ» յայտնած էր ըսելով, Արմսթրոնկ որոշած է խոստովանիլ խթանիչ դեղերու օգտագործումը, որովհետեւ կը փափաքի մասնակցիլ թրիաթլոնի եւ վազքի մրցումներուն:

Ատկէ բացի, Ամսթրոնկին համոզած են խոստովանիլ իր իսկ կողմէ ստեղծուած «Լիվսթրոնկ» բարեգործական հիմնադրման հարուստ հովանաւորներուն անունները, որոնք օժանդակութիւն կը տրամադրեն քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )