Մուրինիօ – Ռոնալտօ Բարձրաձայն Վիճաբանութիւն` Հանդերձարանին Մէջ
Իր լուրը քաղելով Superdeporte կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած ճակատումէն ետք, հանդերձարանին մէջ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իրարու հետ բարձրաձայն վիճաբանութիւն մը ունեցած են:
Ակումբին մարզիկները ստիպուած եղած են երկու փորթուգալցիները իրարմէ բաժնել, որովհետեւ զգացած են, որ անոնց միջեւ այդ վիճաբանութիւնը կրնայ կռիւի հասնիլ:
Ըստ երեւոյթին, Մուրինիօ զայրացած է, որովհետեւ Ռոնալտօ կոլ նշանակելու իրեն ներկայացած քանի մը ստոյգ առիթները չէ կրցած օգտագործել:
Ռոնալտօ այսուհետեւ որոշած է իր հասցէին ուղղուած բոլոր քննադատութիւններուն պատասխանել:
CATEGORIES Մարզական

