Հայրենի Ծանրաբարձները 2013-ին Պիտի Մարզուին 1450 Ժամ

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն` «Ա1» հայկական լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը նախապատրաստական աշխատանքներու իր չորս տարուան ծրագիրը պատրաստած է:

Ըստ այդ ծրագիրին, 2013-2014-ին պիտի կազմաւորուի ծանրաբարձութեան հաւաքականի նոր խումբը: Ատոր համար աշխատանք պիտի տարուի յայտնաբերելու համար ապագայ խոստացող ծանրաբարձներ:

Այդ ծանրաբարձներուն 2015-ի արդիւնքները նկատի առնելով պիտի կազմաւորուի հաւաքականին վերջնական կազմը, որ պիտի սկսի պատրաստուիլ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:

Այս չորս տարուան ընթացքին ծանրաբարձները 2013-ին պիտի մարզուին 1450 ժամ, 2014-ին` 1700, 2015-ին` 1860, իսկ մինչեւ օգոստոս 2016` 1200 ժամ:

Share this Article
CATEGORIES