Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչ
Իրենց լուրը քաղելով Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջէն` հայկական լրատու աղբիւրներ երէկ նշեցին, որ Բանանց Երեւանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ:
Այս պաշտօնը, ժամանակաւորապէս կը վարէր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, որ փոխարինած էր պաշտօնանկ եղած Սուրէն Չախալեանը:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը, իր լուրը քաղելով Բանանցի մամլոյ քարտուղարութենէն, յայտնեց, որ ակումբին պատասխանատուներն ու գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան երկկողմանի համաձայնութեամբ խզեցին իրենց միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը:
Ասիկա տեղի ունեցաւ 2012-2013 տարեշրջանի ձմեռնային արձակուրդին ընթացքին, երբ խումբերը պատրաստութիւններ կը տեսնեն բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն:
2011-ին Բանանցի մարզիչ նշանակուած Նազարեան տարեշրջանի աւարտին իր կազմին հետ հանդիսացաւ չորրորդ:
Ինչ կը վերաբերի այս տարեշրջանին, 32-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Բանանց կը գտնուի նախավերջին դիրքին վրայ: