Թենիս. Նալպանտեան Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Պրազիլի Մրցաշարքին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պրազիլի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-17 փետրուարին` Սան Փաուլոյի մէջ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ այս տարուան առաջինը, որ Էյ. Թի. Փի.ի վարկանիշ ունի:
Նալպանտեանի մրցակիցները կրնան ըլլալ Նիքոլա Ալմակրօ (Սպանիա), Թոմաս Պելլուչի (Պրազիլ) եւ Խուան Մոնաքօ (Արժանթին):
Այլ մասնակցողներու անունները ցարդ յայտնի չեն, սակայն շատ հաւանական է, որ մրցաշարքին մասնակցի նաեւ աշխարհի նախկին ախոյեան Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա):
CATEGORIES Մարզական