Յառաջիկայ 5 Փետրուարին Հայաստան – Լիւքսամպուրկ Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ յառաջիկայ 5 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Լիւքսամպուրկի միջեւ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական Վալանս քաղաքին մէջ գտնուող «Ժորժ Փոմփիտու» մարզադաշտին վրայ:

Մրցումը Հայաստանի համար պիտի ըլլայ այս տարուան առաջին փորձ-մրցումը, ինչ կը վերաբերի 26 մարտին Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ շատ հաւանական էր, որ նախքան Չեխիոյ դէմ մրցիլը հայրենի կազմը բարեկամական այլ մրցում մըն ալ կատարէր:

Այս ուղղութեամբ, բանակցութիւնները հաւանական մրցակիցներու հետ կը շարունակուին:

Այլ գետնի վրայ, իր լուրը քաղելով football-rankings.info կայքէջէն, Armsport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ այսօր ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ Հայաստան դիրքի մը ոստում արձանագրելով պիտի գրաւէ 74-րդ դիրքը:

Իսկ Լիւքսամպուրկ մնաց 142-րդ դիրքին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )