Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս` չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, Ասիա – Աւստրալիա 2015-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ Լիբանան պիտի կատարէ զտումի իր առաջին մրցումը` հիւրը ըլլալով Իրանի:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Շապապ Սահել – Խըյուլ` 3-0, Թատամոն Սուր – Հարաքեթ Շապապ` 6-0, Մապարրա – Սալամ Սուր` 5-1, Ռասինկ – Նեպի Շիթ` 3-1, Ախա Ահլի Ալէյ – Իժթիմահի` 1-0, Թրիփոլի – Շապապ Ղազիէ` 3-1, Անսար – Նըժմէ` 1-0, Սաֆա – Ահտ` 6-5 (փենալթիներով):

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 19 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին` Սաֆայի դաշտին վրայ ճակատելով Շապապ Արապիի դէմ:

Իսկ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումները շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ՈՒՐԲԱԹ, 18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ  ԴԱՇՏ
Ռիատա Ուալ Ատապ – ՀՄՄ 2:15 Թրիփոլի
Սաժես – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Պուրճ Համուտ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Խըյուլ 2:15 Սուր
 

ՇԱԲԱԹ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Մաուատտէ Թրիփոլի – Սալամ Զղարթա 2:15 Թրիփոլի ողիմպիական
Շապապ Թրիփոլի – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Թրիփոլի
Ահլի Սայտա – Նեպի Շիթ 2:15 Սայտա
 

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Ֆաժըր Արապսալիմ – Մապարրա 2:15 Արապսալիմ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES