ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ՍԽՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ (9 ՄԱՅԻՍ 1992)

Կա՞յ աւելի սրտառուչ հմայք, քան արկածախնդ-
րութիւնը լեռնականներուն, որոնք մահուան վրայ կը
յարձակին ահաւոր գեղեցկութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Չես գիտեր ինչո՛ւ, ամէն պատեհ առիթի կը մտաբերենք այն բուռ մը քարինտակցի հայորդիներուն բացառիկ եւ անկրկնելի հերոսագրութիւնը, որով անոնք յատկանշուեցան, թէ՛ Շուշիի գերեվարուած տարիներուն եւ թէ՛ սրբազան քաղաքին ազատագրութենէն ետք:

Փաստօրէն, անոնք` Քարինտակի համագիւղացիները, ապառաժեայ Շուշիի անմիջական հայեացքին տակ, շնորհիւ իրենց արիասիրտ, տոկուն, հայրենանուէր եւ լեռնականի բարեմասնութիւններուն, տասնամեակներ շարունակ կառչած մնացին հողին, եւ, բոլոր պայմաններու տակ` պահեցին ու պաշտպանեցին իրենց սքանչելի գիւղն ու արենակիցները:

Եւ, լուսաւոր օր մը, արցախեան գոյամարտի ամէնէն թէժ, սակայն փառաւոր հանգրուանին, անոնք` այդ բուռ մը ազատամարտիկները, սկսան բարձրանալ դէպի Շուշիի բարձունքները, մագլցիլ` իրենց կամքին ու հաւատամքին մեծութեամբ, յաղթանակի բուրմունքով զրահաւորուած` նուաճելու այն գագաթը, որուն վրայ ըլլալ երազած էին ընդմիշտ, ազատագրելու հայութեան ամրոցն ու անառիկ բերդաքաղաքը եւ դուրս շպրտելու հայրենի հողը սրբապղծած թրքութիւնը:

Իրօք, Շուշիի ազատագրութեան ազդանշանով արդէն իսկ յստակ կը դառնար, թէ արցախեան գոյապայքարը կը մտնէր ինքնաճանաչողական մակարդակի նոր հանգրուան, ռազմական գործողութիւններու տարբեր փուլ, հայրենիքի վերատիրացման վճռական ճանապարհ, ուր նորօրեայ ազատամարտիկներու աներեր հարուածներուն տակ կը խոնարհէին թուրք-ազերի հորդաներ` փախուստ տալով հայոց լեռներու բարձրագոռ շառաչիւնէն:

Յայտնապէս, արցախեան խոյանքը պսակադրուեցաւ Շուշիի ազատագրութեամբ, հայոց դարաւոր քաղաքի դարձեալ հայացումով  եւ Քաշաթաղի միջանցքի տիրութեամբ, անոր հայրենի հողին միացումով:

Արդարեւ,

Հայոց արդի պատմագրութիւնն ու գեղարուեստական գրականութիւնը արժանին մատուցեց տարբեր տիպի հրատարակութիւններով, երբ օրը օրին եւ համապարփակ տարողութեամբ արձանագրեց հայ ժողովուրդի նորագոյն ժամանակներու ամէնէն պանծալի դրուագներն ու մարտիրոսութիւնները, բարբարոս թշնամիին դէմ կատարուած յաղթանակներու պարծանքը, ազատամարտիկներու հիասքանչ եւ եզակի քաջագործութիւնները, հակառակ պարտադրուած ամէնէն ահաւոր պայմաններուն եւ ստեղծուած անբարենպաստ կացութիւններուն:

Յիրաւի, Շուշիի ապառաժեայ յառնութեամբ արդէն իսկ սկիզբ կ՛առնէր հայոց վերականգնումի ճանապարհը, թափ կը տրուէր կորուսեալ հայրենիքի վերամիացումին, հիմքը կը դրուէր ազատօրէն ապրելու եւ շնչելու գիտակցութեան, եւ, տակաւ կ՛ամրակայուէր պետական մտածողութեամբ պարուրելու ամբողջ հայութեան կամքը:

Եւ այս հասկացողութեամբ է, որ քսանամեայ իր ինքնիշխան գոյերթով` հայրենի այս հողամասը կը շարունակէ ապրիլ ու ստեղծագործել յանուն ազատութեան եւ անկախութեան:

Այլ առումով ալ պէտք չէ մտահան ընել Շուշիի ազատագրութեան առինքնող ուժն ու խորհուրդը:

Եթէ երբեք արցախեան ազատամարտերու ընթացքին կենսագործուած յաղթանակները ամբողջ հայութեան համար դարձան ներշնչումի փարոսներ, ապա այդ կենարար հոգեկանութեան մաս կազմեցին սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք անսալով դարաւոր Շուշիի կանչին` զոհաբերեցին իրենց վճիտ արիւնը, այլապէս իրենց անբիծ կերպարն ու քրտինքը շաղախելով անոր սուրբ հողին:

Անցնինք:

Նոր ժամանակներու թաւալքին հետ, ճիշդ է, որ Արցախի վերաշինութեան, բարգաւաճումին եւ զարգացումին նպաստեցին եւ կը շարունակեն նպաստել հայութեան միակամ կեցուածքներն ու ցուցաբերած օժանդակութիւնները, այդուհանդերձ, պետական մտածողութեան կայացումին եւ քաղաքական տեսլականներու առաւել ճառագայթումին մէջ յատուկ դեր վերապահուած է նաեւ սփիւռքահայութեան, որուն նիւթական օժանդակութեան առընթեր, խիստ կարիքը կը զգացուի դէպի արցախեան միջավայր` անոր ուսանող տարրին հոսքին` որակաւորելու համար հայրենի այս աշխարհին տարբեր բնագաւառները:

Այս իմաստով, Արցախի պետութեան կողմէ պէտք է առաջադրուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք պիտի կարենան ապահովել մասնագէտ եւ արհեստավարժ տարրերու ներկայութիւնը, թէկուզ ժամանակի նեղ սահմաններու մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս օգտուիլ հայկական ներուժէն:

Իր պետական կարգ ու սարքով, բանակաշինութեամբ թէ զարգացման ուղիով հայրենի այս միջավայրը անարգել կը շարունակէ ապրիլ: Տարուէ տարի զգալի են քաղաքներու եւ գիւղերու վերականգնումը, կրթական թէ մշակութային բնագաւառներու ծաղկումը, տնտեսական թէ այլ մարզերու յառաջդիմութիւնը:

Այս բոլորին ընդգծումը կը կատարենք, հակառակ քաղաքական ու զինուորական գրեթէ ամէնօրեայ վերիվայրումներուն, թուրք-ազերիական սպառնալիքներուն եւ շատ անգամ ճակատներու վրայ արձանագրուող կորուստներուն:

Միջազգային քաղաքական անցուդարձներու թէ խօլ շահարկումներու ենթակայ Արցախը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ, որոնց վնասազերծումին եւ չէզոքացումին համար հայ քաղաքական միտքն ու համայն հայութիւնը պարտաւոր է առաջադրել եւ կենսագործել այնպիսի կռուաններ, որոնք պիտի կարենան պաշտպանել անոր գոյերթը, որովհետեւ, Շուշիի ազատագրութեամբ ընթացք առած ազգին երթը, հարկաւոր է ի գին ամէն զոհողութիւններու զայն պահպանել, յանուն ամբողջական Հայաստանի տեսլականին:

Հայրենիքի ծառայութեան կոչուած իւրաքանչիւր հայու համար Արցախ բնաշխարհը պէտք է, որ զգենու իւրայատուկ նշանակութիւն: Այդ վեհափառ լեռներուն վրայ ապրող եւ ստեղծագործող արենակիցներուն հետ ըլլալու եւ անոնցմով զօրանալու ազգային գիտակցութիւնը յաղթանակի ամէնէն պայծառ կենսաւիշն է, որով պիտի կարենանք դէմ դնել թուրք-ազերի ոտնձգութիւններուն:

Հետեւաբար, պահի ու ժամանակի լրջութիւնը բազմաթիւ խորհուրդներ պէտք է փոխանցէ բոլորիս:

Թշնամի թէ պատեհապաշտ դրացնութիւններու դէմ ազգին ու պետութեան գոյերթին երաշխիքը բացառապէս իր զաւակներուն հաւատամքին ու գաղափարական հասունութեան մէջ կը կայանայ:

Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կը յաղթէ ան, որուն ապաւէնը նոյնինքն ազգին բաղադրիչ մասերն են, իրենց գիտակցական հայրենասիրութեամբ եւ կամքի տոկունութեամբ:

Ըսուածին վաւերական ապացոյցը Շուշիի բարձրութեան կառուցուած Ղազանչեցոց եկեղեցին է, իր սրբակեաց ու գեղանիստ կառոյցով, դէպի երկինք սլացիկ գմբէթով եւ հայավայել մեծութեամբ:

Ազատամարտիկներու արեամբ նուիրականացած հողը սակարկութիւններու առարկայ չի կրնար ըլլալ, որքան ալ ծանր ըլան պայմանները:

Իսկ տոկալու, համբերելու, արիանալու եւ յաղթելու ամէնէն պայծառ օրինակը ցոյց տուին Քարինտակի այդ բուռ մը հայորդիները, որոնց մէջ այնքա˜ն կռանուած էր դէպի բարձունքները սլանալու Հայկեան կամքը:

Այդ հերոսագրութեան էջերուն մէջ արձանագրուած խորհուրդը փոխանցե՛նք  նորահաս սերունդին, եւ այդպիսով արդէն ուրուագծուած կ՛ըլլայ միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:

Դարաւոր Շուշիի մշակութանուէր դիմագիծը նաեւ այս կ՛արտացոլացնէ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES