ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ- ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՏԻՏՂՈՍԸ ՊԱՀԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄՕՏ
Հինգշաբթի, 5 մայիսին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները տիտղոսը պահեցին իրենց մօտ եւ յաջորդաբար 18-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուցին ախոյեանութեան բաժակը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Շապապ Ֆաուարի (Զղորթա):
3-րդ դիրքի մրցումին, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա յաղթեց Մուժամաա Հարիրիի (Սայտա):
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, իր կարգին Ռիատի Պէյրութ տիտղոսը պահեց իր մօտ` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պարաղեմ Նապաթիէի: Ռիատի, որ ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց պարտութեան, ունեցաւ 22 կէտ, մինչ Պարաղեմ` 21 կէտ: 19 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Պէյրութ: ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը 17 կէտով հանդիսացան 6-րդ:
Լիբանանեան բանակի տղոց հաւաքականը եւ Շապապ Զուք Մոսպեհ, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:
Աւարտական մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց մարզիչ Րաֆֆի Մունջողլեան ախոյեանութեան տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայէն: