ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ- ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՎԻԵԹՆԱՄԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Երէկ, Էրպիլի մէջ (Իրաք) աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:

Իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանանի հաւաքականը յաղթելէ ետք Յորդանանի, 69-57 արդիւնքով գրաւեց խմբակին երկրորդ դիրքը:

Լիբանան Իրաքի (առաջին) եւ Իրանի (երրորդ) հետ ապահովեց Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը. անիկա տեղի պիտի ունենայ 8-18 հոկտեմբերին` Վիեթնամի մէջ, եւ անոր արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը պիտի ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսը:

Նշենք, որ Լիբանան Յորդանանին յաղթելէ բացի յաղթեց նաեւ Իրանի (73-69), սակայն պարտուեցաւ Իրաքէն (77-69):

Share this Article
CATEGORIES