ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԵՒ ԷՍԹՐԱՏԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒՇԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Նուշիկ Սարգիսեան

Հովանաւորութեամբ Րաֆֆի Տարագճեանի, երէկ` կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս` կատարողութեամբ Նուշիկ Սարգիսեանի, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սարգիս Տէր Խաչատուրեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը իրենց օրուան առիթով: «Երգը ժողովուրդներու պատմութեան մէջ ունի իր տեղը, որովհետեւ ան մաս կը կազմէ տուեալ ժողովուրդի մշակոյթին», հաստատեց Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ երգը ժողովուրդին սիրտը, հոգին եւ հայելին է: Ան շեշտեց, որ հայ երգը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայոց պատմութեան հետ եւ անիկա աշխարհի հնագոյններէն է:

Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ Նուշիկ Սարգիսեանի մեկնաբանութեամբ պիտի լսենք երգեր, որոնք իրենց խօսքի բովանդակութեամբ, ձայնի երանգով եւ յուզականութեամբ հայ երգարուեստիս մէկական նմուշներ են` աւելցնելով, որ Նուշիկ Սարգիսեան մանկութենէն ի վեր սիրած է երգը, սակայն ընտանեկան պայմաններու բերումով չէ կրցած միշտ ելոյթներ ունենալ: Սարգիս Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Նուշիկ Սարգիսեան 1970-ական թուականներէն ասդին անմոռանալի հետք ձգած է իր զուսպ յուզականութեամբ եւ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, որ ներկայիս սպասուած ձայն է:

Այնուհետեւ մօտ մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ Նուշիկ Սարգիսեան մեկնաբանեց ժողովրդային եւ Էսթրատային երգերու փունջ մը: Հանդիսականները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին «Նուպարի պոյը չինար է», «Վերջին կիրակին», «Հասակդ բարձր, չինարի պէս», «Հեռանալ չեմ կարող», «Ապրիր մայրիկ», «Միասնութեան շուրջպար» եւ այլ երգեր եւ բարձր գնահատեցին Նուշիկ Սարգիսեանի ձայնն ու բեմական կեցուածքը` յոյս յայտնելով, որ նման ելոյթներ յաճախակի կրկնուին:

Անհրաժեշտ է նշել, որ երգահանդէսին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը, որ մերթ ընդ մերթ ընկերացաւ Նուշիկ Սարգիսեանի երգերուն:

Share this Article
CATEGORIES