Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 115 Եւ Մահուան 75-ամեակներուն Առիթով. Հայաստան Աշխարհի Արեւի Ճանապարհորդը
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Իւրաքանչիւր բանաստեղծ ունի իր ստեղծագործութեան իսկական կորիզը դրոշմող մեկնաբանական բառեր եւ պատկերներ բնորոշող գործածութիւններ, ինչպէս` Միքայէլ Նալբանդեանի «Ազատութիւն»-ը, Պետրոս Դուրեանի` «Տրտունջք»-ը, Յովհաննէս Թումանեանի` «Հառաչանք»-ը, Վահան Տէրեանի` «Սիրտ»-ը եւ այլն: Այս մեկնաբանական բառերուն մէջ խտացուած են բանաստեղծներուն գլխաւոր յոյզն ու ապրումը, անոնց վերաբերմունքը աշխարհին, ինչպէս եւ գեղագիտութիւնը` ազատութեան, տրտունջքի, հառաչանքի, սիրոյ նկատմամբ:
Եղիշէ Չարենց եւս ունի իր մեկնաբանական բառապատկերները, թէպէտ անոր բառապատկերային նախասիրութիւններէն կարելի է կազմել ամբողջ շարք մը, որուն մէջ ամէնէն գործածականը «արեւ»-ն է, իսկ միւսը` «ճանապարհ»-ը, աւելի ճիշդ` «արեւի ճանապարհ»-ը:
Ասիկա Չարենցի ամբողջ ստեղծագործութեան էութեան կառուցուածքն է, որուն իւրաքանչիւր հատուածը կը պարզէ բանաստեղծին խորունկ ներաշխարհը: Արեւը Չարենց բանաստեղծին երազն է, զմայլանքը, արբեցումը, մէկ խօսքով` ներդաշնակ աշխարհի պատկերացումը, ճանապարհը` անոր հասնելու գլխաւոր աղբիւրը:
Արեւը եւ ճանապարհը անընդհատ կը լիցքաւորեն Չարենցի գեղագիտութիւնը` շարունակ նորանոր ու տպաւորիչ համադրութիւններ ստեղծելով եւ անոր արուեստին տալով իւրայատուկ յղացք:
Չարենց ունի իր կենսագրութեան ընթացքը պարզող եւ յուզական աշխարհը բացայայտող բազմաթիւ երանգներ` ինքնաբնութագրեր:
Անոնցմէ մէկուն մէջ իր սերունդին մասին կ՛ըսէ.
Ու խաղում էր մեր կապոյտ հողում
Արեւի լոյսը դեղին…:
Ուրիշ տեղ մը կը պատմէ հետեւեալը.
Դու ճամբայ ելար մի առաւօտ,
Երբ մութ էր, ամպ էր ու մառախուղ.
Թողիր ետեւըդ, մի խարխուլ խուղ
Ու մանկութիւն մը արիւնահոտ:
Որպէս տկլոր մի թափառական,
Մէջքիդ մախաղ մի ու ձեռքիդ ցուպ`
Ընկար ուղին քո ե՛ւ մութ, եւ ցուրտ,
Եւ կեանքդ տենդ էր մի անիրական…
Խօսքը այն օրհասական թուականներուն մասին է, որ պատմութեան մէջ յայտնի է «մոլոր ճանապարհ» սարսռազդեցիկ անունով:
Այդ ժամանակներու ամէնէն բնորոշ երեւոյթը հայրենի օճախներէն վտարանդի դառնալու իրողութիւնն էր: «Հոգեկան տարագրութեանց» մէջ յայտնուած միայնակ ու տրտում ուղեւորներու մաքառումի եւ ուժի հին աստուածներու պատրանքի ու երազի ճանապարհը, որուն դիպուկ արտայայտութիւնը հետեւեալ խոստովանութիւնն է.
Ամբողջ գիշերը հիւանդ, խելագար,
Ես երազեցի արեւի ոսկին…
«Երազի ճամբաները» դարձան անառագաստ ու անղեկ, բայց կեանքի կարօտով տոչորուող սուրբ հոգիներու երգիչ` Չարենցին համար, ամէնէն հարազատ ապրումները:
Չարենցի համար, պատմութեան մութ միջանցքներուն մէջ, երազի ճամբաները դարձան մինակութեան եւ անքնութեան զնտաններ, այդուհանդերձ, կատարուեցաւ անկարելին, դաժանագոյնը, հանգեցաւ ու փշրուեցաւ արեւի երազի ճամբան:
Երազի ճամբաներու փլուզումը բացաւ մարդու անկայուն գոյութեան ողբերգական երեսը` Չարենցի քնարը համակելով անսփոփիչ ու խոր կսկիծներով.
Ուզո՞ւմ ես պատմեմ` թէ
ինչպէս յանկարծ
Ինձ համար փոխուեց ամէ՜ն ,
ամէն բան
Եւ ես կորցրի երազի ճամբան…
Թէպէտ, սկիզբէն, բանաստեղծը կը նախզգար մարդկային անպիղծ ապրումներու ու երազներու կործանման անխուսափելիութիւնը, բայց անյուսահատ կը փարի երկնային ճանապարհի ու երկնաբնակ արեւին կառչած մնալու գաղափարին` իր բանաստեղծութեան գանձարանին մէջ փնտռելով կապոյտ հեռուներու, յարդագողի ճամբաներու, հեռաստանի եւ նման բառապատկերներու հրաշագեղութիւնը: Որքան երերուն ու խախուտ էր «հեռաւոր եղէգներու» ու հեռաւոր արեւու պատրանքային ճանապարհը, որքա՜ն տխուր ու համր էր աշխարհագրական ճամբան, որովհետեւ անսահման կլանող շունչ ունէին այդ ուղիները, ուր երիտասարդ Եղիշէ Չարենցը պարզունակ հաւատքով մը կ՛որոնէ հայրենական տունը` Երկիր Նայիրիի արեւային յառնումի առասպելը.
Մենք ճամբայ ինկանք առաւօտ ծէգին`
Կապոյտ երկնքի խորութեամբ արբած:
Թարմ, թեթեւ էր մեր ճամբորդի հոգին`
Ուրախ էինք մենք եւ մեր սիրտը` բաց:
Նոր ճանապարհ ու նորեկ ճամբորդ… Բայց այս մէկն ալ բառացիօրէն ոչինչ տուաւ: «Կապուտաչեայ հայրենիքի» տեսիլքի փոխարէն, Չարենցը գտաւ իրական հայրենիքը` կործանած սիւներով, տխուր տեսքերով, արեան ու կոտորածի տեսարաններով, մթամպած, դալկացած արեւով:
Երկիր Նայիրիի արեւու առասպելի փոխարէն` Չարենց տեսաւ … «անդուռ մի փակուղի…» անարեւ, ու անժպիտ, ուր հայրենիքը, աղէտի, ողբի մէջ է:
Պատմութեան խաչմերուկներուն մէջ սգաւորի դրօշակով գամուած Երկիր Նայիրին, վերածնութեան ու ազատութեան անդիմադրելի պահանջով, բանաստեղծին այլընտրանք չէր ձգեր, բացի` նոր ճանապարհներ յայտնաբերելու պարտաւորութիւնը:
Սակայն արեւային ուղիներու ճանապարհորդը մէկ կողմ նետեց թափառաշրջիկի ցուպը` նախընտրելով յեղափոխական զինուորի համազգեստ եւ ընդառաջ գնաց պատմութեան փոթորիկներուն ուղղութեամբ` այնտեղ գտնելու «լուսէ ու պայծառ» հայրենիքը` արեւը ճակատին:
Ռուսիոյ մէջ բոցավառած յեղափոխութեան «հսկայ հրդեհից»` հրաշէկ արեւէն, Չարենցը որսաց այն ճառագայթները, որոնք ազատութեան արեւային ջահերու պէս լուսաւորելու էին պատմութեան զիկզակային ճամբաներուն մէջ կորսուած Հայաստանի նոր ճանապարհը:
Չարենցի ստեղծագործութիւններուն մէջ խուժեցին ամբոխները, խնդիր ունենալով նուաճել Արեւը` հայրենիքի ապագան:
Հոծ խմբերով հազարանուն,
արեգակի հրով վառուած`
Դէպի արեւն էին գնում
ամբոխները խելագարուած:
Յեղափոխութեան ճանապարհը Չարենց բանաստեղծին համար եղաւ բանաստեղծական դիտարկումի բեկման կէտը:
Աշխարհագրական քարտէսներուն մէջ «չեղեալ Նայիրիի» դարերու փշոտ ճամբաներուն վրայ իբրեւ «արիւնոտ հարցանիշ» յեղափոխութեան ճանապարհով գտաւ իրական-արեւահամ Հայաստանը, անոր ուղղուած «սիրունների» («Ես իմ անուշ Հայաստանի»…) եւ ղօղանջով բարձրացաւ աշխարհապաշտութեան գագաթը:
Աշխարհէն մարդուն մեկուսացնող ճամբաներու ողբերէն եւ արեւի աղօթքներէն ետք, Չարենց այլեւս կը մեծարէ ու կը փառաբանէ մարդը` ժամանակին հետ միացնող, անոր առջեւ աշխարհի պէս-պէս հրաշքներ փռող ճամբաներն ու հզօր կեանքով լեցուն «խելառ արեւը»: Արեւը այլեւս հայ բանաստեղծութեան մէջ կը տեսնուի ծնծղայի համեմատութեամբ ու հզօրութեամբ:
Յեղափոխութեան յաջորդող տարիներուն Չարենց իր բանաստեղծական բառարանը կը հարստացնէ եւ կ՛ամբողջացնէ ճանապարհի եւ արեւի նորանոր առումներով, որ կ՛ընդգրկէ ճանապարհ ու արեւ հասկացողութիւններու համարեա բոլոր որոշիչները:
Կեանքի ամէն մէկ հանգրուանէն ետք, Չարենց նորէն ճամբայ կ՛իյնայ` վերցնելով հոգեկան ապրումներն ու իր աշխարհի բիւրեղացած այն արժէքները, որ խառնուելով աշխարհը հասկնալու նոր աղբիւրներով` կ՛ընդարձակէ անոր ճանաչողութեան սահմանները:
Ոչ թէ սերտելով, այլ արիւնով իւրացուցած ճշմարտութիւնը, թէ` «աշխարհը ընթացք է», շարժում ու թռիչք, այս ճշմարտութիւնը` անոր էպիկական իմաստութեան հասակին, պէտք էր, որ զինք դարձնէր ժամանակի ու երազի ճանապարհորդը:
Եւ պատահական չէ, որ «էպիկական լուսաբաց» գիրքին գեղագիտութիւնը ինչ կրնար ըլլալ, եթէ ոչ` ճանապարհի մաքառման ընտրանքը:
«Էպիկական լուսաբաց» գիրքի արեւի ճանապարհի պատկերները այլեւս ոչ թէ քնարի անձուկ արահետներ են, այլ` մաքառումի բարձունքներ, վերելքի ուղիներ, լուսաձիւնի գագաթներ, լեռնային ոլորապտոյտներ:
Բանաստեղծը, յետայնու կը բռնէ անհաս բարձրութիւններու ճանապարհը` այնտեղ հաստատելու համար ժամանակի մեծ խորհուրդը:
«Լերան ճանապարհորդը» ժամանակը եւ մարդուն ճանչնալու կը բերէ «մեծ ճանապարհի» յուզումի ապրումը.
Հասել ենք մենք արդէն այն
սահմանին, որից
Սկսւում է մի նոր ու դժուարին
վերելք:
Սին տենչերի փոշին մեր
խորհերից քերենք
Ու ճանապարհ ընկնենք, մեծ
ճանապարհ նորից:
Նորէն ճանապարհ, բայց այս անգամ սերունդներու հայեցողութեան տակ.
Ճանապարհին այս մեծ, այս
վերելքին ահեղ,
Մենք չենք յոգնի երբեք, չենք
կորցնի ուղին,
Չկտրուենք եթէ սերունդների հողից,
Սերունդների աչքով թէ մեր
երթին նայենք…
Չարենցին առանձնապէս կը մտահոգէ մարդու բազմակողմանի ազատութեան խնդիրը: Անոր համար ալ, ինչպէս միշտ, կը նկատէ ուքրանացի բանաստեղծ Լէոնիդ Պերվոմայսկին, որ ան կը պայքարէր ոչ միայն անվերադարձ հեռացած անցեալին դէմ, այլ նաեւ ներկային մէջ ապրող անցեալին դէմ` «դա խաւարի եւ արեւի պայքարն էր»:
Այս պայքարին մէջ Չարենցը կը մղուէր դէպի մեծ ճանապարհ, մեծ արեւը:
Չարենցի յաւակնած «մեծ ճանապարհը» ունէր երեք չափանիշ` դարու արեւին հետ նաեւ երկիրի եղեռումը` պատմութիւնն ու նետը` ապագան:
Այս զգացողութիւնը լայն հուն, ուղի գտաւ «Գիրք ճանապարհի» ժողովածուին մէջ, որուն խորհուրդներէն մէկը ձեւակերպուած է հետեւեալ կերպով` «անցեալը հերկենք յանուն գալիքի»:
Այս խորհուրդով ալ բանաստեղծը կը դիմէ «պատմութեան քառուղիներուն»` ժողովուրդի ազատութեան, նահատակներու ու մարգարէներու պատմական փորձով, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովրդական վէպի չափանիշներով լրացնելու արեւային մեծ ճանապարհի մէկ բեւեռը:
Չարենցը կը նայէր նաեւ ապագային, ուրկէ կը քաղէ արեւային ճանապարհի միւս բեւեռը:
Պատանութեան օրերուն, կը պատմէ յուշագիրը, Չարենց կը ցանկար վերցնել գիրքերու ձեռագրեր, կողմնացոյց ու քարտէս, ոտքով ու սայլով, ձիակառքով ու շոգեկառքով, մայրուղիներով ու կից ուղիներով դուրս ելլել լայն աշխարհ` հեռաստանէն հեռաստան, ճանչնալու մարդիկ ու ժողովուրդներ, անոնց կեանքն ու աշխարհը, պատմութիւնն ու տիեզերքը:
«Յարդագողի ճամբորդին» յանդուգն ու միամիտ «ֆանտաստիկական ճամբորդութիւնը», ի հարկէ, անկատար մնաց, բայց իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին (1897-1937) Չարենց ընտրեց «հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը» ժամանակի խաչաձեւ ուղիներուն մէջ, պատմութեան հին ու նոր դրուագներուն մէջ, համաշխարհային արուեստի հազար ու մէկ բնագիրներուն` լոյս աշխարհ բերելու իր հոգիի հերկն ու ցանքը, իր երգը:
Այս բոլորով ալ Չարենց միացաւ 20-րդ դարու միջազգային գրականութեան արեւային լոյս տուողներուն` շարունակելով լոյս սփռել եւ ուղի կերտել հետագայ սերունդներուն` որպէս անմար եւ յաւիտենական փարոս մը:

