«Խումբերէն Կէտեր Խլելը Պիտի Օգնէ Ցեղապաշտութեան Նուազումին» Կ՛ըսէ Պլեթըր

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր Անգլիոյ մէջ «Սքայ Սփորթց Նիուզ»-ի հետ իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ ցեղապաշտութեան նուազումին յարմարագոյն լուծում գտնելը խումբերէն կէտեր խլելն է:

«Կը կարծեմ, որ այս քայլին դիմելով մենք կրնանք բոլոր խումբերը մեր հակակշիռին տակ պահել` նկատի ունենալով, որ շատ յաճախ տուգանքները, դռնփակ մրցումներ կատարելը, օտար դաշտերու վրայ անոնց կատարելիք մրցումները փոխադրելը երբեք ալ իրենց անդրադարձը չեն ունենար ցեղապաշտական բնոյթի բացագանչութիւններով ելոյթ ունեցող խումբերուն վրայ, որոնք բնականաբար զոհը կ՛երթան իրենց անկարգապահ համակիրներուն: Կը յուսամ, որ այս ձեւով կրնանք սահման մը դնել ատոր», ըսաւ Պլեթըր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )