«Սինէ Քլապ». Էտմոն Քէօսէեանի «Տղամարդիկ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի թատերական միաւորի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 17 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Հ. եւ Գ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սինէ քլապ»-ի շարքին առաջինը` «Տղամարդիկ» գեղարուեստական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` բեմադրութեամբ Էտմոն Քէօսէեանի: Ժապաւէնը ներկայացուց բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ այս տարեշրջանին վարչութիւնը իր ծրագիրներուն մէջ ներառած է «Սինէ քլապ»-ը, որ տեղի պիտի ունենայ ամսական դրութեամբ: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Վաչէ Ատրունի հեղինակ-բեմադրիչը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու ժապաւէնը:

Վաչէ Ատրունի տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ ժապաւէնի զարգացման մասին: Ան ներկայացուց բեմադրիչ Էտմոն Քէօսէեանը: Անդրադառնալով ժապաւէնին Ատրունի հաստատեց, որ այս ժապաւէնը առանձնայատուկ յատկանիշներ ունի եւ Քէօսէեան կրցած է համախմբել լաւ դերասաններ:

Այնուհետեւ մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ներկաները դիտեցին «Տղամարդիկ» ժապաւէնը:

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու Վաչէ Ատրունիի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )