Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանք` Գաղութի Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներուն Համար

Աւանդութեան վերածուած երեւոյթով մը, այս տարի եւս Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովը համախմբեց գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիները` մտերմիկ մթնոլորտի մէջ նշելու համար Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: Այս առիթով երեքշաբթի, 15 յունուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ խրախճանք` հովանաւորութեամբ հայ երեք յարանուանութիւններու պետերուն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան, որ շեշտը դրաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2013 տարին «Հայ մօր տարի» հռչակելու երեւոյթին կարեւորութեան վրայ: Ապա Մարալ Հարպոյեան հերթաբար բեմ հրաւիրեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԲԸՄ-ի Նազարեան վարժարանի, եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբերն ու պարախումբերը, որոնք սրահը բերնէ բերան լեցուցած հայ մամիկներուն ու պապիկներուն ներկայացուցին Նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան երգեր, հայկական տոհմիկ, աշուղական ու ժողովրդական երգարուեստէն նմուշներ եւ հայկական ու ոչ հայկական պարեր:

Սրտի առաջին խօսքը ուղղեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Տէրունական աղօթքով, ապա հայերէնով ու արաբերէնով Սաղմոսէն մէջբերում կատարելով ըսաւ, որ եթէ 70 տարեկանին մէկուն առողջութիւնը լաւ ըլլայ, ապա 80 տարեկանէն ետք կեանքը ցաւ է ու տառապանք: Ան ներկաներուն մաղթեց միշտ ըլլալ կայտառ ու առողջ, որպէսզի իրենց իմաստութեամբ օրհնութիւն ըլլան իրենց շրջապատին:

Շնորհակալութեան խօսքեր ուղղուեցան Հայֆուտին, «Ճինիշեան» հաստատութեան, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, տիկին Այանեանին, Փիլիպոսեան եղբայրներուն եւ բոլոր բարերարներուն ու լիբանանանահայ բարեսիրական միութիւններուն, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Ճաշկերոյթին կազմակերպման աշխատանքներուն օգնելու եկած էին նաեւ կամաւոր ընկերային ծառայող կիներ:

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Ան շեշտը դրաւ Յիսուսի «Լերան քարոզ»-ի այն բաժինին վրայ, ուր կ՛ըսուի` «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»: «Մենք իբրեւ հայ քրիստոնեաներ միշտ ողորմած ու գթած ըլլալու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք», ըսաւ վեր. Քիլաղպեան:

Այնուհետեւ Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ հայկական երգերու փունջով մը ճոխացուցին մթնոլորտը:

Սրտի վերջին խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ անդրադարձաւ սրահին մէջ ներկայ գտնուող պապիկներուն ու մամիկներուն տարիներու վաստակին: «Հիմա մենք եկած ենք ձեզի խօսք ուղղելու, բայց դուք ձեր երկար տարիներու փորձառութեամբ շատ ըսելիքներ ունիք մեզի: Աղօթեցէ՛ք նորերուն համար, որպէսզի ձեզի յիշեն», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Խրախճանքին կարկանդակը հատելէ ետք տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու բաշխում:

Share this Article
CATEGORIES