Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Արոնեան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը
Հոլանտական Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ նախքան իր հինգերորդ մրցումը կատարելը արձանագրած էր 3 հաւասարութիւն եւ կրած պարտութիւն մը, երէկ տօնեց իր առաջին յաղթանակը` պարտութեան մատնելով Իվան Սոքոլովը: Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 24-րդ շարժումին ստիպեց իր մրցակիցին, որ յանձնուի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Արոնեան ունեցաւ 2,5 կէտ:
Գագաթի ճակատումը` աշխարհի ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի եւ ՖԻՏԷ-ի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի միջեւ, աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Այսպիսով, անոնք ունեցան 3,5-ական կէտ: Նոյնքան կէտ ունեցաւ նաեւ Սերկէյ Քարժաքին, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անիշ Կիրիի հետ:
6-րդ հանգրուանին այսօր Արոնեան կը մրցի Փիթըր Լեքոյի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Բ. մրցաշարքին, Սերկէյ Մովսիսեան յաղթեց Ռոմեն Էտուարի եւ 3-ի բարձրացուց իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը:
Վերջապէս, Գ. մրցաշարքին Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ալեքսանտր Քովչանի հետ, իր կէտերու հաշիւը իր կարգին բարձրացուց 3-ի:

