Ալճերիական Բանակը Պատանդները Ազատելու Գործողութեան Ձեռնարկեց

Ալճերիական բանակը Արեւելեան Ալճերիոյ մէջ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ին պատկանող բնական կազի կեդրոնի մը դէմ զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկեց` ազատելու համար Իսլամական Մաղրեպի մէջ Քայիտա կազմակերպութեան կողմէ առեւանգուած օտարերկրացիները, որոնց շարքին են բրիտանացիներ, ճափոնցիներ, ամերիկացիներ եւ նորվեկիացիներ: Ըստ «Ժազիրա»-ի, առեւանգեալներուն շարքին կայ նաեւ Հայաստանի քաղաքացի մը:

Գործողութեան ընթացքին շուրջ 600 ալճերիացի աշխատաւորներ, երկու սկովտիացիներ, ֆրանսացի մը եւ քենիացի մը ազատ արձակուեցան, սակայն 34 ուրիշներ սպաննուեցան: Սպաննուեցան նաեւ 14 զինեալներ:

Զինեալները կը պահանջեն, որ դրացի Մալիի մէջ իսլամական ըմբոստներու դէմ ֆրանսական զինուորական գործողութիւնը դադրի:

Նշենք, որ Ալճերիա Ֆրանսայի արտօնած է իր օդային տարածքը օգտագործել` հարուածելու համար հիւսիսային Մալիի մէջ գտնուող իսլամական զինեալները:

Share this Article
CATEGORIES