Հերքելով Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Իրանի Ուղղուած Ամբաստանութիւնը` «Թուրքիոյ Կայունութիւնը, Ապահովութիւնն Ու Ազգային Միասնականութիւնը Իրանի Կայունութիւնն Է» Կ՛ըսէ Մեհմանփարասթ

Ռամին Մեհմանփարասթ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը Իրանի կայունութիւնն է:

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մեհմանփարասթ յայտնած է, թէ թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները միշտ ալ փոխադարձ յարգանքի եւ բարի դրացիական եղած են:

Ան ըսած է, որ Իրան կը զօրակցի թրքական պետութեան ներկայացուցիչներուն եւ ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ ընթացք առած ահաբեկչութեան վերջ տալու նպատակով հանդիպումներուն` նշելով, որ թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ ջանք կը թափեն Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան հարցով Իրանը ամբաստանելու:

Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իսրայէլի մօտիկ եղող թրքական լրատուամիջոցները տարիներէ ի վեր կը փորձեն թրքական հասարակական կարծիքը Իրանի դէմ լարել, մինչ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւնները այդ ջանքերը ձախողութեան մատնած են:

 

Share this Article
CATEGORIES