Բազմահազար Յուղարկաւորներ Յարգանքի Վերջին Տուրք Կը Մատուցեն Փարիզի Մէջ Սպաննուած Քիւրտ Կին Գործիչներուն

Երէկ Տիգրանակերտի Փաթըքենթ հրապարակին վրայ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 9 յունուարին սպաննուած քիւրտ կին գործիչներու յուղարկաւորութիւնը: Անոնց դագաղները ծածկուած էին ՔԱԿ-ի դրօշներով:

Յարգանքի վերջին տուրք մատուցելու համար հաւաքուած ժողովուրդը բարձրացուցած էր պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Բոլորս Սաքինէ ենք», «Բոլորս Լէյլա ենք» եւ «Բոլորս Ֆիտան ենք»: Անոնք կը բացագանչէին` «ՔԱԿ-ը ժողովուրդն է, ժողովուրդը հոս է» եւ «Նահատակները երբեք չեն մեռնիր»:

Դագաղներու հրապարակ հասնելէն ետք, իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ ճերմակ աղաւնիներ արձակուեցան:

Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ խօսքեր արտասանեցին:

Անկախ երեսփոխան եւ Ժողովրդավարական հասարակութիւն քոնկրեսի համանախագահ Ահմեթ Թիւրք յայտնեց, որ «մեր ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է խաղաղութեան, թէեւ մեր ընկերներէն երեքը կորսնցուցինք»: Ան ըսաւ, որ անկարելի է խաղաղութեան մասին խօսիլ, երբ Կորդուած լեռները թրքական ռմբաձիգներու կողմէ կը ռմբակոծուին: «Կը դիմեմ անոնց, որոնք մեզի կոչ կ՛ուղղեն խաղաղութեան համար զգայուն ըլլալու: Պարո՛ն վարչապետ, ինչպէ՞ս կրնաք խաղաղութեան մասին խօսիլ, երբ Կորդուած լեռները կը ռմբակոծուին: Մեզի հետ ինչպիսի՞ խաղաղութեան մը հաստատման աշխատանք կը տարուի»:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահէթթին Տեմիրթաշ ըսաւ, որ «մինչ մենք խաղաղութեան մասին կը խօսինք, եօթը քիւրտ երիտասարդներ Կորդուած լեռներուն վրայ մահացան: Կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել, մինչ նոյն ատեն պատերազմ կը մղես: Եթէ խաղաղութեան կը ձգտիս, պէտք է քաջ ըլլաս»:

Յուղարկաւորութենէն ետք Սաքինէ Ճանսըզի դիակը թաղուեցաւ Թունչելիի մէջ, Ֆիտան Տողանի դիակը` Մարաշի Էլպիսթան գիւղին մէջ, իսկ Լէյլա Սէօյլեմեզի դիակը` Մերսինի մէջ:

Տետ Հասանի Սպանութիւնը Կրնայ
Փարիզի
Սպանութեան Հե՞տ Կապուած Ըլլալ

Իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին համաձայն, քրէական հեղինակութիւն Տետ Հասանի` Ասլան Ուսոյեանի չորեքշաբթի օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնը կապուած է Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան հետ:

Օրաթերթը կը գրէ, որ որոշ տուեալներով, ծնունդով, թիֆլիսցի, ազգութեամբ եզիտի Ուսոյեան զէնք կը մատակարարէր ՔԱԿ-ին: «Եթէ քիւրտերը քալաշնիքովներ կամ նռնականետեր կ՛ուզէին, ապա կրնային անոր դիմել… ան կը պատասխանէր անոնց հարցումներուն», կը գրէ օրաթերթը:

Ըստ իտալական օրաթերթին, քիւրտերու հետ բանակցութիւններէն ետք «ղեկավարներու եւ մաֆիոզի սպանութիւնը ցոյց կու տայ, որ բանակցութիւններուն զուգահեռ քուլիսային խուսանաւումներ գոյութիւն ունին»:

Նշենք, որ Տետ Հասան 2010-ին մահափորձի ենթարկուելով վիրաւորուած էր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES