«Ան, Որ Մտավախութիւն Չունի, Թէ Սուրիա Կրնայ Մասնատուիլ, Իրապաշտ Չէ» Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը

Ապտալլա Նուսուր

Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին յայտնեց, որ «ան, որ մտավախութիւն չունի, թէ Սուրիա կրնայ մասնատուիլ, իրապաշտ չէ»` նշելով, որ «հակառակ ատոր նկատմամբ արդարացի մտավախութեան գոյութեան, մասնատման գիծերը տակաւին չկազմուեցան եւ հարցերը այդտեղ չհասան»:

Յորդանանի վարչապետը նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման պարագային հազարաւոր սուրիացի գաղթականներու դէպի Յորդանան հոսքը պիտի չարտօնէ: «Եթէ հազարաւոր սուրիացի գաղթականներու հոսք եղաւ, ապա զանոնք Յորդանանի մէջ պիտի չհիւրընկալենք: Յորդանանեան զինեալ ուժերը պիտի դիւրացնեն անոնց սուրիական հողերուն մէջ անջատուած գօտիներու մէջ մնալը: Մենք կը նախընտրենք, որ սուրիացիները իրենց երկրին մէջ մնան, որովհետեւ իրենց երկրին կարիքը ունենալը աւելի լաւ է»:

Ան ըսաւ, որ Ամման սուրիական փաստաթուղթեր ունեցող պաղեստինցիներու Յորդանան մուտքը կ՛արգիլէ, որովհետեւ եթէ զանոնք ընդունի, այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ գաղթականութեան նոր ալիքի մը, որ պաղեստինեան դատին համար նպաստաւոր չէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հալէպի պայթումներուն պատասխանատուութիւնը սուրիական իշխանութիւններու ուսերուն բեռցնելը անբարոյ արարք է:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ երեքշաբթի օր Հոմսի մէջ տեղի ունեցած է ջարդ մը, որուն զոհ գացած են 106 քաղաքայիններ:

Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր յայտնեց, որ «բռնի ուժով բռնատիրութիւն մը մէկ այլ բռնատիրութեամբ փոխարինելու փորձը (Սուրիոյ) տագնապի լուծում չէ եւ սուրիացի ժողովուրդին փափաքած բարելաւումին պիտի չառաջնորդէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES