«Պատրաստ Ենք «Մաւի Մարմարա» Նաւուն Հարցով Թուրքիոյ Նամակ Յղելու» Կ՛ըսէ Այալոն
Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իսրայէլ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով անոր յղելու «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէպքին շուրջ նամակ մը, որ նման է ամերիկեան օդային յարձակումի մը պատճառով փաքիստանցի 24 զինուորներու սպանութեան շուրջ Իսլամապատին Ուաշինկթընի յղած նամակին»:
Ան նշեց, որ 2010-ին տեղի ունեցած «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքէն ետք սառեցուած թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ «որոշ բարելաւում եւ առիթներ գոյութիւն ունին»:
CATEGORIES Միջազգային


