Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց սուրիական վարչակարգը` զայն որակելով ոճրագործ վարչակարգ: Ան քննադատեց նաեւ բոլոր այն կեցուածքները, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները վտարելու:

ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ բանակը ձեռնարկած է ընդարձակ խուզարկումներու` ձերբակալելու համար դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները: Նշենք, որ խուզարկումներու արշաւին ընթացքին ապահովական միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի հարցով ականատես Միլետ Քֆուրի պէտք է ներկայանայ զինուորական ատեան` տալու համար իր վկայութիւնը:

ԸՍՏ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին, յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ հանդիպում մը կ՛ակնկալուի` ընտրական օրինագիծին վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները յստակացնելու նպատակով:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին մէջ արգելափակեալ մը անձնասպանութիւն գործած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա կոչ ուղղեց որդեգրելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը յարգէ երկրին սահմանադրութիւնը:

ՊԱԱՍ կուսակցութիւնը յարմար կը նկատէ, որ Լիբանանի մէջ մշակուի ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը կը վերածէ մէկ ընտրաշրջանի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընտրութիւն կատարէ իր իրաւասութիւններուն եւ քրիստոնեայ-իսլամ իսկական հաւասարութեան միջեւ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յանգած են համաձայնութիւններու, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան ընտրական օրինագիծը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ առաւելագոյն չափով նախանձախնդիր է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միասնականութեան:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, Այն Հելուէի մէջ բնակող պաղեստինցի գաղթական Մահմուտ Քամել Սլէյման Սուրիոյ մէջ սպաննուած է` սուրիական վարչակարգին դէմ մղուած կռիւներուն ընթացքին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հերքեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մէջ զինեալներու գոյութիւնը: Ան շեշտեց, որ զինեալներու գոյութեան պարագային լիբանանեան պետութիւնը յստակ քայլերու պիտի դիմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը իրանեան եւ իսրայէլեան օրինագիծ մըն է, որուն Հըզպալլա նեցուկ կը կանգնի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի խորհրդարանական ենթայանձնախումբը մուտք գործած է այնպիսի հանգրուան մը, որուն ընթացքին կը քննարկուին ընտրական օրէնքին վերաբերող համախոհական ընտրանքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Փլամպլի շեշտեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )