«Ժոմպլաթի Ռուսիա Այցելութիւնը Նորութիւն Մը Չէ» Ըսաւ Շեհայէպ
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին մաս կազմող բոլոր անդամներէն իւրաքանչիւրը տակաւին կառչած կը մնայ իր առաջարկին: Ան աւելցուց, որ ընտրական օրէնքը երկրին քաղաքական դիմագիծն է եւ կարեւոր է` աւելցնելով, որ քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են:
Շեհայէպ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է իսկական հաւասարութիւն պարտադրող ընտրական օրինագիծի մը յանգիլ:
Միւս կողմէ, ակնարկելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի Ռուսիա կատարելիք այցելութեան` Շեհայէպ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ Ժոմպլաթի յարաբերութիւնը հին է եւ շրջանային նման պայմաններուն ընթացքին այդ այցելութիւնը բնական է:


