Ապատի – Ուահապ Հանդիպում
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ այցելեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները: Ապատի յայտնեց, որ իրենք կեդրոնացած են Սուրիոյ տագնապին վրայ եւ շեշտած այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ զինուորական բախումները անելի մատնուած են:
Ապատի յայտնեց, որ Ուահապի ներկայացուցած է Իրանի նախաձեռնութիւնը, որ մաս կը կազմէ սուրիական յանձնառութեան:
Իր կարգին, Ուահապ յայտնեց, որ Թեհրան միշտ ալ նախանձախնդիր եղած է Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն, որոնք միշտ զօրակցած են Լիբանանի Դիմադրութեան եւ ընդհանրապէս դիմադրութեան ուղեգիծին:
CATEGORIES Լիբանանեան

