Ժորժ Ապտալլայի Զօրակցութեան Ցոյցերը Շարունակուեցան
Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլայի դատին զօրակցող երիտասարդներ եւ ուսանողներ երէկ նստացոյց մը կատարեցին Սայտայի ֆրանսական մշակութային կեդրոնին դիմաց: Նստացոյցին ընթացքին անոնք պահանջեցին Ապտալլայի ազատ արձակումը:
Ուսանողներուն անունով խօսք արտասանեց Մոհամետ Քանսօ, որ պահանջեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը վտարել` Ապտալլայի ազատ չարձակուելուն պարագային:
Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ միացաւ Սայտայի նստացոյցին:
Նշենք, որ նստացոյցին ընթացքին ապահովական ուժերուն հետ արձանագրուեցան բախումներ, երբ երիտասարդներ կարգախօսներ փորձեցին գրել ֆրանսական մշակութային կեդրոնին պատերուն վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան