Շարպել. «Քաթար Պատասխանատու Մը Նշանակած Է` Հետեւելու Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին»

Շարպել եւ Քաթարի վարչապետը

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ընկերակցութեամբ ուղղուած էր Քաթար` քննարկելու համար Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, վերադարձաւ Պէյրութ:

Շարպելի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Տոհայի մէջ իրենք հանդիպումներ ունեցած են շարք մը քաթարցի պատասխանատուներու հետ:

Շարպել ըսաւ, որ հանդիպումները եղած են շինիչ` դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարով Քաթար հետաքրքրուած է եւ արդէն իսկ պատասխանատու մը նշանակած` այդ թղթածրարը հետապնդելու, նկատի ունենալով այդ թղթածրարին մարդասիրական բնոյթը:

Շարպել աւելցուց, որ ինք Ապպաս Իպրահիմի ընկերակցութեամբ հանդիպում մը ունեցած է Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաատի, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցած են Քաթարի ներքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Նասեր պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:

Նշենք, որ Շարպել երեկոյեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները եւ զանոնք տեղեակ պահեց Քաթար իր կատարած այցելութեան արդիւնքներուն մասին:

Առեւանգուած լիբանանցիներէն մէկուն զաւակը` Ատհամ Զղէյպ Շարպելի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք լաւատես են դրական արդիւնք մը արձանագրելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES