Իբրեւ Նախապատրաստութիւն` Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կառավարութիւնը 600 Միլիոն Լ. Ոսկիի Գումար Մը Փոխանցեց Ներքին Գործոց Նախարարութեան
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող հարցերը:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 53 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առաքելութեան եւ մաղթեց, որ նախարարները ընտրական այլ օրէնքներու ջատագովն ու զօրակցող կողմը չդառնան, այլեւ` կառչած մնան կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը կը բաժնէ 13 ընտրաշրջանի:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացնելով կառավարութեան որոշումները յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման ըսաւ հետեւեալը. «Այն մեկնաբանութիւնները, թէ նախագահ Սլէյման հեռու է միջքրիստոնէական համախոհութենէն, անճիշդ են: Ան ըսաւ, որ առանց հանրապետութեան նախագահին քրիստոնէական համախոհութիւն գոյութիւն չունի, յատկապէս երբ ան որոշ հարցերու շուրջ իր տեսակէտը փոխանցած չըլլայ»:
Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման ամօթ նկատեց, որ լիբանանցիները չկարենան անգամուան մը համար ընտրական օրէնք մը մշակել առանց հոգատարութեան:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք արդէն իսկ հրապարակած է խորհրդարանի արտահերթ նստաշրջանը հրաւիրելու վերաբերեալ շրջաբերական մը:
Կառավարութեան քննարկած հիմնական հարցերէն մէկն էր լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութեան իրաւունք շնորհելու օրինագիծը, որ սակայն մերժուեցաւ կառավարութեան կողմէ:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը այդ օրինագիծը մշակած նախարարական յանձնախումբէն խնդրած է նկատի ունենալ այն փոփոխութիւնները, որոնք կրնան կցուիլ կարգ մը օրէնքներու եւ կանոններու, ինչպէս նաեւ լաւապէս սերտել այդ տեղեկագիրին մէջ նշուած գործառնութիւնները:
Նիստին ընթացքին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել կառավարութեան փոխանցեց Քաթար կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ռուսիա, ցաւ յայտնեց լիբանանցի արգելափակեալ Ժորժ Ապտալլան ազատ չարձակելու ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն քայլին համար` աւելցնելով, որ ինք ընդունած է Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը եւ այս հարցով համապատասխան նամակ մը փոխանցած է ֆրանսական իշխանութիւններուն:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ներկայացուց տարբեր թղթածրարներուն մասին կառավարութեան տուած որոշումները:
Տեղեկատուութեան նախարարը նշեց, որ կառավարութեան հիմնական որոշումներէն եղած է ներքին գործոց նախարարութեան 600 միլիոն լ. ոսկիի փոխանցումը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն իբրեւ նախապատրաստութիւն:
Տաուք նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երեքշաբթի, 22 յունուարին: