Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը` 2013-ին ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Ուքրանիոյ Առաջնահերթութիւն
ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ 2013-ին կազմակերպութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա երէկ յայտարարած է իր երկրին առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին են ձգձգուած տագնապներու լուծումը, մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարն ու մամլոյ ազատութեան յառաջընթացը:
Քոժարա Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով տագնապներուն յայտնած է, որ կողմերուն պիտի օգնէ քաղաքական լուծումներ գտնելու` բանակցութիւններու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերուն նոր լիցք հաղորդելով:
Ան առանձնացուցած է, մասնաւորաբար, Վրաստանի մէջ օգոստոս 2008-ի տագնապի Ժընեւի քննարկումները, Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապներու խաղաղ լուծման շուրջ բանակցութիւնները` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին գլխաւորութեամբ:
Նախարար Քոժարա ըսած է, որ ձգձգուած տագնապները կը շարունակեն լուրջ սպառնալիք ըլլալ շրջանային կայունութեան համար: Այս առումով ան կարեւոր նկատած է նաեւ սպառազինութիւններու վերահսկման մեքանիզմներու եւ անվտանգութեան կառուցման միջոցառումներու ուժեղացումը:
Նախագահող երկիրը տնտեսական ասպարէզին մէջ պիտի կեդրոնանայ ուժանիւթի մարզին վերաբերող բնապահպանման հարցերու վրայ:
Քոժարա յայտնած է նաեւ, որ կը նախատեսուի միջազգային միջոցառում, որուն նպատակը ԵԱՀԿ-ի մասնակից գործընկեր երկիրներու երիտասարդ ներկայացուցիչները փոխհամագործակցութեան հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւելն է:
Մնայուն խորհուրդը ԵԱՀԿ-ի որոշումներ կայացնող հիմնական մարմիններէն է, որ ամէն շաբաթ կը հանդիպի Վիեննայի մէջ` կառոյցին վերաբերող զարգացումները քննարկելու եւ համապատասխան որոշումներ տալու:


