«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Եւ ՀՕՄ-ի Ջանքերով Կազմակերպուած Օգնութիւնը Այսուհետեւ Սուրիահայերուն Պիտի Տրուի Ամէն Շաբաթ

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան եւ ՀՕՄ-ի ջանքերով կազմակերպուած օգնութիւնը այսուհետեւ սուրիահայերուն պիտի տրուի ամէն շաբաթ: Սննդամթերքէն բացի սուրիահայերուն պիտի բաժնուին ձմեռնային հագուստներ, բաճկոններ:

Աւելի քան 350 բաճկոններ Թայուանէն ուղարկած է հալէպահայ բարերար Յովիկ Յակոբեան: Նախաձեռնութիւնը 400 քկ դեղորայք ալ ստացած է Ֆրանսայէն ու Զուիցերիայէն, յառաջիկային օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայ աւետարանական եկեղեցին:

Սուրիահայերուն ուտեստեղէնի կապոցներ ուղարկած են նաեւ Արմաւիրի գիւղերէն, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնն ալ ակնոցներ տրամադրած է տեսողական խնդիրներ ունեցող սուրիահայերուն:

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ այս օրերուն ուտեստեղէն տեսակաւորող կամաւորներու փոխարէն կը հաւաքուին Սուրիոյ օգնութեան խաչի տիկինները եւ արդէն նախապէս կազմուած ցուցակներով օգնութիւն կը բաժնեն կարիքաւոր սուրիահայերուն: Աշխատանքները կը համակարգէ ՀՕՄ-ը:

Աշխատանք, բնակարան, կրթութիւն. այսպիսին են այսօր Հայաստանի մէջ ապրող աւելի քան 8000 սուրիահայերու հիմնական խնդիրները: Մեծ մասը արդէն համակերպած է այս վիճակին հետ, կը փորձէ աշխատանք գտնել եւ մշտապէս հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Մէկ մասն ալ կը սպասէ սահմանները բացուելուն, որ կրկին վերադառնայ Հալէպ:

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Խաչիկ Ճոզիկեան յայտնեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն, այս ամիսներուն ընթացքին շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր երեւոյթ մը նկատուեցաւ: Սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարեց ամբողջ հայութիւնը: «Տարբեր տեսակի օգնութիւն կը ցուցաբերուի: Նոյնիսկ հեռաւոր գիւղերէն կու գան, որպէսզի որոշ չափով օգնեն կարիքի մէջ գտնուող սուրիահայերուն», ըսաւ Ճոզիկեան:

«Արամ Մանուկեան» կեդրոնը մարդաշատ պիտի ըլլայ նաեւ յաջորդ շաբաթ: Նախաձեռնութեան անդամները այսքանով չեն սահմանափակուիր: Յառաջիկային կը պատրաստուին դարձեալ սնունդ եւ ձմեռնային հագուստ բաժնել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )