«Օրին Մէկը Անգլիա Վերադարձը Լաւագոյնն Է» Կ՛ըսէ Մուրինիօ

Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որուն պաշտօնը վտանգուած կը թուի ըլլալ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին կ՛ըսէ, որ օրին մէկը Անգլիա վերադարձը լաւագոյնն է իրեն համար` նկատի ունենալով, որ ան անգլիական ֆութպոլին հետ ինքզինք հարազատ կը զգայ:

«Երբ Փորթուգալէն Անգլիա տեղափոխուեցայ, ներկայի նման բաւական երիտասարդ էի: Անգլիայէն աւելի յարմար տեղ մը չեմ կարծեր, որ կարենամ գտնել: Անգլիոյ մէջ ֆութպոլին նկատմամբ աւելի կիրքով կը զգայ ինքզինք անձ մը», ըսաւ 49 տարեկան փորթուգալցին:

Ան լաւ առաջարկ մը ստացած է Փարիզ Սեն Ժերմենէն, իսկ այլ առաջարկ մը` Անգլիայէն, փոխարինելու համար Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընը:

 

Share this Article
CATEGORIES